ՌԱԶՄԻԿ ՃՈՒԼՖԱԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր
Լիբանանահայ հանրածանօթ ու սիրուած երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆաեան 21 Օգոստոս 2020, Ուրբաթ, ժամը՝ 11.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր կողմէ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Մարդասիրական զգացումներով տոգորուն երիտասարդ արուեստագէտը մի քանի օրուան իր այցելութենէն օգտուելով եկած էր Նորին Ամենապատուութեան քաղաքավարական այցելութեամբ։ Ան ըսաւ, թէ արդէն մի քանի օրուան ընթացքին լաւ տպաւորուած է՝ զգալով Ստանպուլահայ կեանքի հոգեւոր ու մշակութային հարստութիւնը։ Համակրելի հիւրը եւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը անդրադարձան Լիբանանի վերջերս կրած ծանր կորուստին եւ զրուցեցին նաեւ ինչ ինչ հարցերու շուրջ, որոնք մարդկութեան օրակարգը կը զբաղեցնեն։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ թէ նեղ ժամանակներուն իրարօգնութիւնը մարդկային քաղցր պարտականութիւն մըն է։
RAZI
Նորին Սրբազնութիւնը, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իր գործունէութեանց մէջ։