ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական

samatya gisasargavak 2Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 311րդ եւ համանուն երգչախումբի կազմութեան 76րդ կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ նշուեցան 16 Յունիս 2014, Կիրակի, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, կիսասարկաւագական աստիճաններու տուուչութիւնը կատարեց, խարտաւիլակութեամբ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։

samatya gisasargavakԿիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան Սահակեան Դպրաց Դասու անդամներ՝ Բրկ. Ուրարակիր Դպիրներ Ռազմիկ Տուրսուն, Արտա Փընարճը, Հերման Վէսքէ, Ղազար Սապունճու, Կարապետ Եոնթան եւ Գողթան Դպրաց Դասու անդամ՝ Բրկ. Սարվէն Ուր. Դպ. Պըչաքճը։ Իսկ Սահակեան Դպրաց Դասու անդամներ՝ Բրկ. Դպիրներ Հերման Արզուման, Շահին Ճան Գալտըրըմ, Մելքոն Արըք եւ Ասողիկ Դպրաց Դասու անդամ՝ Բրկ. Արդար Դպ. Պաղճը, Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ ուրար կրելու արտօնութիւն ստացան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն Սահակեան Դպրաց Դասու հանգուցեալ նախագահներուն, դպրապետներուն, երաժշտապետներուն եւ դպիրներուն հոգւոցն ի հանգիստ։