ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԿՐԿՆԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՄԵՐԳ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

WhatsApp Image 2017-12-04 at 21.08.14Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դասու 315րդ, իսկ երգչախումբի 80րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ, 3 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի, Լէյլա Կէնճէր Օփէրայի եւ Արուեստական Կեդրոնի մէջ կազմակերպուեցաւ համերգ մը, հովանաւորութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի։ Հանդիսութեան ներկայ էին Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Դպրաց Դասու Նախագահ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, հոգեւորականներ, Սամաթիոյ ընտանիքի անդամներ, երգչախումբի համակիրներ ու երաժշտասէր հասարակութիւնը։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Դպրաց Դասու Դպրապետ՝ Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Սարըլըեանի բացման խօսքով, որուն մէջ հակիրճ ձեւով տեղեկութիւններ տրուեցաւ Պոլսոյ առաջին կազմակերպեալ դպրաց դասու մասին։ Ապա, Դպրաց Դասու Նախագահ Հայր Սուրբը ընթերցեց Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր գրութիւնը, որուն մէջ յայտնի կը դառնար թէ՝ Նորին Սրբազնութիւնը կամքէ անկախ առողջապահական պատճառով կը բացակայէր համերգէն։ Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց կ՚ըսէր. «Ձեր աշխատութիւնը յոյս կը ներշնչէ, որ հայ շարականն ու երգը տակաւին երիտասարդ հոգիներուն մէջ կ՚եռայ ու կ՚ապրի եկեղեցւոյ շրջակայքէն ներս։ Կ՚աղօթեմ, որ այս երգչախումբը իր առաքելութեան մէջ հաստատ մնայ եւ Հայ երգի նկատմամբ սէրը տարածէ յաջորդ սերունդներուն»։

24726377_10155888163130480_2004163134_oԲացման խօսքէն յետոյ, յուշապնակներ յանձնուեցան համերգի բարերարներուն։ Ապա, Սահակեան Դպրաց Դասու անդամները բեմ բարձրացան առաջնորդութեամբ ՍԵւան Ակօշեանին։ Երգչախումբին կ՚ընկերանար Մօտէրն Իսթանհպուլ Նուագախումբը։ Այնուհետեւ Դպրաց Դաս Երգչախումբը արդի մեկնաբանութեամբ ներկայացուց տոհմիկ երգեր։

Հանդիսութեան երկրորդ բաժնին սկիզբը, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ ղեկավար Սեւան Ակօշեանի նկարները եւ անակնկալով մը յայտարարուեցաւ թէ՝ ան կը բոլորէր որպէս Սահակեանի Վարիչ իր 25-ամեակը։ Այս առթիւ իրեն եւս յուշապնակ մը յանձնուեցաւ։ Հանդիսութեան աւարտին, երգչախումբն ու նուագախումբը, ծափահարութիւնները խլեց ներկայ բոլոր ունկնդիրներուն։

Հանդիսութեան աւարտին, Սահակ Սրբազան իր սրտի խօսքը արտասանեց ու մեծապէս գնահատեց Սամաթիոյ ընտանիքը ըսել. «Ապրի՛ս Սահակեան»։ Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ՝ հակառակ վերջին շրջաններու վերիվայրումներու, համայքը յոյսով կը ներշնչուէր այս գիշեր։ Այս պատճառաւ շնորհակալութիւն յայտնեց երգչախումբի անդամներուն ու յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։