ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

sahakyan koroՍամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 28 Փետրուար 2013, Հինգշաբթի, ժամը 16.30-ին այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Սահակեան Դպրաց Դասու Երգչախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին տօնախմբել դպրաց դասու 310, իսկ երգչախումբին 75.րդ կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով։ Այցելուները խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին զոյգ տարեդարձներու առթիւ մշակուած ծրագիրներուն մասին։ Դպրաց դաս երգչախումբի երկսեռ անդամներու, նաեւ մանկանց խումբի մասնակցութեամբ Ապրիլ ամսուայ մէջ Շիշլիի Քէնթ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ պիտի սարքուին աշխարհիկ ու հոգեւոր երգերէ բաղկացեալ համերգներ։ Մայիս ամսուայ մէջ պիտի մատուցուի գոհաբանական Ս. Պատարագի որու աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին դպրաց դասու հանգուցեալ նախագահներն, դպրապետներն եւ անդամները։ Նոյն ամսուան մէջ նաեւ պիտի կազմակերպուի ճաշապար մը։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, այժմէն շնորհաւորեց  եւ կարողութիւն մաղթեց դպրաց դասու անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։