ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

sahakyan koroՍամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 9 Մայիս 2014, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին տօնախմբել դպրաց դասու տարեդարձը կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ։ 15 Յուլիս 2014, Կիրակի առաւօտ Ս. Պատարագի մատուցմամբ պիտի յիշատակուին դպրաց դասու հանգուցեալ նախագահները, դպրապետները, վարիչնեը եւ անդամները։  Անոնք, եկած էին խնդրելու Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ տարեդարձը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն։