ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները 22 Մայիս 2018, Երեքշաբթի, 11.00-ին առաջնորդութեամբ նախագահ` Արժ. Տ. Զոհրապ Քհնյ. Ճիւանեանի այցելեցին Պատրիարքարան և ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Դասուն Դպրապետը` Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Սարըլը և Տնօրէն Խորհրդոյ անդամներ։

SAHAGYAN
Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին Դպրաց Դասու գործունէութեանց ու ծրագիրներուն մասին և Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին մանկանց համերգին, որ տեղի պիտի ունենար 1 Յունիս 2018, Ուրբաթ, Տատեան Վարժարանի Տիգրան Կիւլմէզկիլ սրահին մէջ։
Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան ու հրաւէրին համար։ Ան ըսաւ, թէ յիշեալ թուականին պիտի բացակայէր քաղաքէն։ Սակայն և այնպէս կը գնահատէր տարուած աստուածահաճոյ աշխատանքը և նորանոր նուաճումներ մաղթեց իրենց առաքելութեան մէջ։