ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱԶԳ. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 28 Մարտ 2016, Երկուշաբթի, մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, մասնակցելու համար, Ազգ. Եկեղեցական Ժողովի եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Կանոնադրութեան Մշակման Յանձնախումբի Ժողովներուն, որոնք տեղի ունեցան 30-31 Մարտ 2016ին։

Ժողովներուն մասնակցեցան եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս ժողովներուն, իր մասնակցութիւնը բեռաւ Սահակ Եպիսկոպոսը։ Ժողովին ատենապետեց Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արքեպս. Տէրտէրեան։

Յանձնախումբը, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի յանձնարարութեամբ կազմուած է։ Կ՚ուսումնասիրէ եւ կը ձեւաւորէ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնադրութիւնը, մասնաւորապէս Ազգային Եկեղեցական Ժողովի, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եւ Եկեղեցական – Ներկայացուցական Ժողովի կանոնադրութիւնները։

Սահակ Եպիսկոպոս., քաղաքս վերադարձաւ 5 Ապրիլ 2016, Երեքշաբթի։