ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կողմէ, 2 Նոյեմբեր 2014, Կիրակի, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, ի ժամ Ս. Պատարագի, Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան Ոսկեայ Շքանշան»ով պատուուեցաւ երգիչ՝ Սահակ Պարթեւ Կարեան։ Արարողութեան ներկայ էին Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան եւ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Տէրունական Աղօթքէն առաջ, հանդիսադիր Սրբազան Հայրը, կիսասարակագաց ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ քարոզեց։ Իր խօսքերու աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնը ծանրացաւ արուեստի կարեւորութեան Հայ մշակութային կեանքէ ներս, որուն երաժշտական ճիւղի ժրաջան սպասաւորներէն էր Պարթեւը։ Երբ, համայնքային ոեւէ հանդիսութեան մէջ իրեն կարիքը զգացուէր, ան երբեք չէր զլանար ընդառաջելու եկած հրաւէրներուն։ 35-տարիներ ջանացած էր Հայ երգը բարձր պահելու։ Այս պատճառաւ է որ, Պատրիարքական Աթոռը զայն արժանի տեսած էր պարգեւատրելու։ Քարոզի աւարտին Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան ընթերցեց, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրը, որմէ յետոյ Նորին Սրբազնութիւնը մեծարեալին յանձնեց «Օրմանեան Ոսկեայ Շքանշան»ը։

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌ ՏԻԱՐ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆ

Գոհունակութեամբ տեղեկացանք, թէ այս տարի կը նշուի  Ձեր երաժշտական գործունէութեան երեսունեւհնգամեակը։

Դուք լաւագոյնս արժեւորելով Ձեր աստուածատուր շնորհները, երաժշտութեան բնագաւառէն ներս արժանացած էք մեր համայնքի անդամներու անվերապահ գնահատանքին։

Երաժշտութիւնը ունի խորհրդաւոր լեզու մը, որ ունկնդիրներու կեանքերէն ներս կ­՚արթնցնէ ազնիւ զգացումներ, որոնք ենթականերու առջեւ կը բանան նոր հորիզոններ։ Ձեր երաժշտական տաղանդը, մանաւանդ մեր մայրենիով երգելու գովելի եւ ազնիւ տրամադրութիւնը,  մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ յառաջացուցած է սէր եւ գնահատանք հանդէպ Հայ երգին։ Դուք կրցած էք հայադրոշմ երգերով գրաւել մեր մանուկներուն, երիտասարդներուն եւ երէցներուն սրտերը։ Դուք կրցած էք մեր մանուկներուն ներարկել Հայերէն խօսելու եւ երգելու զգացումը։ Կրցած էք նաեւ մեր երիտասարդներուն թելադրել Հայերէն երաժշտութեան կարեւորութիւնը իրենց առօրեայ կեանքէն ներս, մանաւանդ զգացնելու՝ Հայերէն երգով ուրախանալու կարելիութիւնը։

Դուք, անձնական ջանքերով հասած էք մակարդակի մը, որ ինքնին կը խօսի Ձեր վաստակին մասին։ Դուք, ոչ միայն անձնապէս բարձրացաք, այլ նաեւ քաջալերեցիք մեր երիտասարդները, որպէսզի անոնք եւս հետեւին Հայ երաժշտութիւնը ապրեցնել մեր բեմերուն վրայ։

Դուք սիրով ու պատրաստակամութեամբ ընդառաջեցիք Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրներուն եւ սիրայօժար մասնակցեցաք մեր մանուկներուն համար սարքուած ամանորեան խրախճանքներուն։

Մենք կու գանք բաժնել Ձեր երաժշտական գործունէութեան 35րդ տարեդարձի ուրախութիւնը եւ սոյն Օրհնութեան Գիրով կ՚ողջունենք Ձեր վաստակը եւ առ ի գնահատութիւն Ձեզի կը շնորհենք ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՈՍԿԵԱՅ ՇՔԱՆՇԱՆԸ։

Մեր աղօթքն է, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի եւ Ձեր ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար կեանք, որպէսզի տակաւին երկար տարիներ առիթն ունենաք Ձեր ծառայութիւնը բերել ի փառս Հայ երաժշտութեան եւ ի պարծանս մերազն ժողովուրդին։

Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զձեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ զձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ