ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, 20 Յունուար 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրին կ՚ընկերանար իր խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։

Այցելուները, նկատի ունենալով համավարակի պատճառաւ չկայացող համայնքային Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները, եկած էին շնորհաւորելու Նորին Ամենապատուութիւնը՝ պաշտօնական այցելութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։