ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Համայնքային

IMG_3071Պատրիարքական Տեղապահ Բաձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 29 Սեպտեմբեր 2017, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն Վարժարանի Վարչութեան Ատենապետ Տիգրան Էօտիւլը, Հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեանը եւ Տնօրէն Շահին Չընարը։

Այցելուներ, շնորհաւորեցին Տեղապահ Սրբազանը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր նոր պաշտօնին մէջ։ Քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ առիթը կը գտնէին նաեւ վարժարանի մասին Նորին Սրբազնութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցելու։ Յայտնեցին թէ վարժարանը այժմ ունէր 76 աշակերտներ, որոնք լաւապէս կ՚օգտագործուէին վարժարանի պայմաններէն։ Վարչութեան տնօրինութեամբ նաեւ կ՚օժանդակուէր կարօտ աշակերտներու ընտանիքներուն։ Վերջին տարիներուն կարեւորութիւն կ՚ընծայուէր նաեւ վարժարանէ շրջանաւարտ աշակերտութեան եւ ըստ կարելւոյն կրթաթոշակ կը յատկացուէր համալսարանական աշակերտութեան։ Այցելուներ, զրոյցի աւարտին Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին նաեւ վարժարան, որպէսզի իր հայրական ներկայութեամբ պատուէ Անարատ Յղութիւն Վարժարանի ընտանիքը։

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղավարական սոյն այցելութեան համար եւ յայտնեց թէ յարմար առիթով մը պիտի ուզէր ընդառաջել եղած այս հրաւէրին։ Վարժարանի մասին փոխանցուած տեղեկութիւնները իրեն համար ուրախառիթ գիտելիքներ էին։ Այնուհետեւ գնահատեց վարժարանի վերելքին ի նպաստ մատուցուած ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։