ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները 12 Յուլիս 2018, Հինգշաբթի, 10.00-ին առաջնորդութեամբ ատենապետ` Եսայի Տէմիրի այցելեցին Պատրիարքարան և ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին Սահակեան Վարժարանի առկայ հարցերուն, պիւտճէին ու այլևայլ նիւթերու մասին։

SAMATYA NGAR
Անոնք Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին Սահակեան Վարժարանի ի նպաստ կատարելի մատաղօրհնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 30 Սեպտեմբեր 2018, Կիրակի։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան ու հրաւէրին համար ու կարողութիւն մաղթեց իրենց առաքելութեան մէջ։