ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

82048039_2725462630877665_188959517139009536_o

Սամաթիոյ ընտանիքը 10 Յունուար 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի համերգին համար։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, այս տարի առաւել եւս ոգեւորութեան պատճառ եղաւ, քանի Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր գահակալութեան նախօրեակին կազմակերպուած էր։ Այլ նաեւ համերգը ձօնուած էր Կոմիտաս Վարդապետն ու Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեանց 150-ամեակին։

Երեկոյթին հովանաւորեց Ն.Ա.Տ.  Սահակ Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին գահակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար նուիրապետական աթոռներէ եւ զանազան թեմերէ եկած բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ հոգեւորականաց դասէ բազմաթիւ անդամներ, ինչպէս նաեւ Սամաթիոյ Դպրաց Դասու սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը։ Ներկայ էին նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ՝  Եսայի Տէմիրի։

3

Համերգի ընթացքին նախ հանդէս եկաւ նաեւ Սահակեան երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը՝ Նարօտ Դալար Ակօշեանի մականին ներքեւ։ Մանուկներ Ս. Ծննդեան եւ Ամանորեան երգերով որգեւորեցին ներկաները։ Իսկ յայտագրի երկրորդ բաժնին մէջ, Սահակեան երգչախումբը Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ գործադրեց յայտագիրը՝ խոր տպաւորութիւն գործելով ունկնդիրներուն վրայ։ Երգացանկին մաս կազմեցին հայկական հոգեւոր եւ դասական երաժշտութենէն ընտիր նմոյշներ։ Երգչախումբը փայլուն ձեւով կատարեց այդ բոլորը, մինչ մենակատարներն ալ արժանացան մասնաւոր գնահատանքի։ Երգչախումբին միացաւ նաեւ նուագախումբ մը։

4

Համերգը եզրափակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեանի եւ Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր խօսքերով։ Հանդիսութիւնը լաւ տպաւորութիւն թողած էր հիւր հոգեւորականներու եւ ներկաներուն մօտ։ Այլապէս Սահակեանի սոյն համերգը դարձած էր նաեւ Գահակալութեան Նախատօնակ հանդիսութեան։

5

Ընտրեալ Պատրիարք Հօր խօսքեերէն յետոյ, միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով, յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։ Աւելի վերջ, թաղային խորհուրդը, խորհրդարանին մէջ փոքր ընդունելութիւն մը սարքեց ներկաներուն։

7

 

  • 3
  • 7
  • 82048039_2725462630877665_188959517139009536_o
  • 6
  • 5
  • 4