ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 10 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ձեռամբ Պատրիարաքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Անդէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեան, Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Բրշ. Գէորգ Սրկ. Նէրկիզ, Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Նէրկիզ եւ Բրշ. Ժիլպէռ Սրկ. Քարափէքմէզ ։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Պատւոյ Ատենապետ Մելքոն Գարաքէօսէ, Ատենապետ Եսայի Տէմիր եւ ընկերները, Սահակեան Վարժարանի զոյգ տնօրէնները, ինչպէս նաեւ թաղեցիներ ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

SAMATYA 2

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ժամը 16.30-ին զանգակներու ղօղանջով, ներկայ հոգեւորականներու, թաղային խորհուրդի անդամներու կողմէ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքին։ Ապա, սկսաւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։ Տեղապահ Սրբազան Հօր գլխաւորած թափորը, թաղային խորհուրդի սենեակէն ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ մայր դուռը, ուր կատարուեցաւ դռնբացէքի արարողութիւն։ Ապա, ներկաներ զանգակներու ղօղանջով ու «Զողորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ, մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն ետք, Նորին Սրբազնութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ աւագ խորանը, առաջադրութեան սեղանն ու պահարանը,Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու նուիրուած Ս. Սեղանը, Ս. Յովակիմ եւ Աննայի նուիրուած Ս. Սեղանը, Ս. Մինասի նուիրուած Ս. Սեղանը, մկրտութեան աւազանը, Ս. Յարութեան նուիրուած Ս. Սեղանը եւ ի վերջոյ Ս. Գէորգ Զօրավարին նուիրուած Ս. Սեղանը։ Ապա կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։

SAMATYA 1

Արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Իր խօսքերուն մէջ մասնաւորապէս շեշտեց բարի նախանձ ունենալու գաղափարը եւ յայտնեց թէ մարդիկ կը նախանձին այն բաները, որոնք մասնաւորապէս իրենց կը պատկանին։ Նախանձը ժողովուրդի մէջ միշտ ընկալուած է, որպէս մեղք, բայց կայ Աստուածային նախանձ մը, որով բարին, գեղեցիկը զարգացնելու կամքը գոյութիւն կ՚ունենայ։ Նման նախանձը ծնունդ կ՚ուտայ նախանձախնդրութեան, որով մարդիկ կը միտին միշտ բարձր պատնէշի վրայ տեսնել իրենց սրբութիւնները։ Սամաթիոյ Եկեղեցին, նախանձախնդրութեան լաւագոյն օրինակը ցոյց կուտայ այսօր, քանի իրենց եկեղեցին բարեզարդուած է ու դժուարին պարտականութիւն մը՝ յաջողութեամբ աւարտած։ Մաքրուած եկեղեցին եւս կը սպասէ կրկին աղօթքի տուն դառնալ ուխտաւոր ժողովուրդին։ Սրբազան Հայրը, ապա շեշտեց թէ՝ Պոլսոյ Հայ Համայնքին ծխական կեանքէն ծնունդ առած առաջին եկեղեցիներէն է Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցին։ Առաջին Աթոռանիստ Եկեղեցին է ան, ուր աւելի քան 500 տարիներ առաջ ծնունդ առած է աղօթասացութիւնը։ Սամաթիոյ Եկեղեցին դարձած է Պոլսոյ Եկեղեցական կեանքի սիրտը, եւ մինչեւ այսօր կը մնայ նոյն գծին վրայ։ Գիտենք թէ՝ մարմնի մէջ սիրտը եւ ուղեղը յատուկ կարեւորութիւն ունին։ Այս առթիւ կը յիշեցնենք թէ՝ Պատրիարքարանը մեր միտքն է եւ սիրտը՝ մեր եկեղեցիները։ Մեր մարմնի այս երկու կարեւոր անդամները պէտք է նախանձախնդրութեամբ զօրաւոր պահենք ու իրենց միջոցաւ համայնքային մեր կեանքը վարենք։

SAMATYA 3

Իր խօսքերու աւարտին, Սրբազան Հայրը, Թաղային Խորհուրդին աշխատութիւնը վեր առաւ եւ յայտնեց թէ անոնք կրցած էին եկեղեցին փառաւոր վիճակի մէջ բերել։ Դրուատալից արտայայտութիւններով գնահատեց նաեւ Սահակեան Դպրաց Դասն ու սարկաւագաց դասը, որոնց սպասաւորութեամբ միշտ Աստուծոյ խօսքը կը հնչէ եկեղեցւոյ մէջ։

 

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով։ Նաւակատիքի արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնը «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ Իսկ, արարողութեան աւարտին Տեղապահ Սրբազան Հայրը նախագահեց, Սամաթիոյ Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան պատրաստութեան առթիւ կատարելի ընթրիքին։

SAMATYA KAPAK

Նորաօծ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, Անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի, 15 Սեպտեմբեր, Կիրակի առաւօտ, Վերացման Ս. Խաչի Տաղաւարին, նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր։