ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

samatyaՍամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 3 Սեպտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 28-29 Սեպտեմբեր թուականներուն։  29 Սեպտեմբեր 2013, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները, շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Տեղեկութիւններ տուին Ս. Գէորգ  Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու մասին, որոնք տակաւին կը շարունակուէին, եւ կը ծրագրուէր զանոնք աւարտել մինչեւ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան օրը։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Ան շեշտեց, եկեղեցւոյ պայծառութեան համար եղած աշխատանքներու կարեւորութիւնը։ Յայտնեց իր վստահութիւնը թէ բարեզարդման աշխատանքներու յաջողութեան համար, որեւԷ ջանք չէր խնայուած։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։