ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

22007942_834101423416409_4167805760971874437_nՊատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 25 Սեպտեմբեր 2017, Երկուշաբթի, 13Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները 1 Հոկտեմբեր 2017, Կիրակի, ժամը 13.00-ին, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին կատարելի մատաղօրհնութեան հանդիսապետելու համար հրաւիրեցին Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին մատաղօրհնութեան սեմին նախապատրաստական աշխատութիւններունց մասին։ Այցելուներ, եկեղեցւոյ ու վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Սրբազնութեան։ Վարչայիններ յայտնեցին նաեւ թէ՝ Սամաթիոյ Եկեղեցին, այս տարի առաւել եւս զօրակցութեանը պէտք ունի համայնքին ու բարերարներուն։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ ողջունեց Սամաթիոյ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու այցելութիւնը եւ քաջալերական խօսքերով խրախուսեց զիրենք։ Յայտնեց թէ Սամաթիոյ մատաղօրհնութիւնը խորհրդանշական իմաստ մը ունի Պոլսոյ համայնքային կեանքէն ներս, քանի եկեղեցիներու եւ վարժարաններու մատաղօրհնութիւնները իրմով կը սկսին։ Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը փոխանցեց, ի նպաստ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի ծառայող բոլոր սպասաւորներուն ու մաղթեց որ մատաղօրհնութեանց շրջանը սկսի օրհնութեամբ եւ պտղաբերութիւնը տարածուի միւս եկեղեցիներուն եւ վարժարաններուն։