ՍԱՐԸՅԷՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՆՈՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Սարըյէրի քաղաքապետութեան ամնորեան խրախճանքը։ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ներկայ գտնուեցաւ 20 Նոյեմբեր 2019, Երեքշաբթի երեկոյեան՝ Թարապիայի Հիւրանոցին մէջ սարքուած սեղանին։ Ներկայ էին փոքրամասնութեանց առաջնորդներն ու համայնքի անդամներ։ Սարըյէրի Քաղաքապետ Շիւքրիւ Կէնչի կողմէ սարքուած սոյն ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու։

2019 SARUYER YENI YIL 2

Իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, Սարըյէրի Քաղաքապետ Շիւքրիւ Կէնչ եւ Յունաց Բարթողոմէոս Պատրիարքը։

2019 SARIYER YENI YIL

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հրաւէրին համար ու այժմէն շնորհաւորեց Նոր Տարին։