ՍՔԵՄԻ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 9 Օգոստոս 2019 թուակիր ու 1416 համար հրամանագրով Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի արտօնուած է արտաքոյ եկեղեցւոյ սքեմ կրել։

KISVE IZIN

Նոյն հրամանագրով չեղեալ կը նկատուի Նախարարաց Խորհուրդի 18 Օգոստոս 2010 թուակիր ու 853 համար որոշումը եւ միայն Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազանին կը յանձնուի սոյն արտօնութիւնը։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ