ՍԵՒԱԿ ՊԱԼԸՔՃԸԻ ԵՒ ՀՐԱՆՏ ՏԻՆՔԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

24 Ապրիլ 2011ին, զինուորական ծառայութեան ընթացքին աղիտալի կերպով սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի դատավարութեան մասին կայացած որոշումը մեր արդարութեան կարօտը մասամբ յագեցուցած է։ Հակառակ այն ճշմարտութեան, թէ սոյն որոշումով անհնար է Սեւակը ետ բերել, սակայն գոնէ յուսադրիչ է, յանցանքի վաւերացումը ու յանցաւորը գտնելով յանուն արդարութեան անոր պատիժ ստանալը՝ մեր երկրի օրինաց դրութեան առջեւ արժանի պատիժը ստանալու տեսակէտէ։

 

Կը շնորհաւորենք Սեւակ Պալըքճըի ընտանիքը, իրաւաբաններն ու մարդկային իրաւանց հաստատութիւնները, որոնք սոյն որոշումի կայացման ընթացքին իրաւաբանական գետնի վրայ երկարաշունչ պայքար մղեցին։ Սոյն արդիւնքը խիստ թանկագին է այն առումով, որ յետ այսու այս երկրի տարածքին ցեղապաշտ ատելութեան սպանութիւններ ծրագրող անհատներ կամ խմբակներ, որոնք կը հաւատան որ անպատիժ պիտի մնան, իրենց համար տարհամոզիչ օրինակներ պիտի դառնան։ Այս առիթով ողբացեալ Սեւակ Պալըքճըին համար անգամ մը եւս հանգստեան աղօթք կը վերառաքենք, իր ընտանեկան պարագաներուն ու բարեկամներուն համար Աստուածային մխիթարութիւն կը հայցենք։

 

Այն յոյսով, որ նման արդար որոշում մըն ալ պիտի կայանայ որպէս արդիւնք Հրանտ Տինքի սպանութեան դատավարութեան, իր սպանութեան 13րդ տարելիցին արդարութեան մեր պահանջքը կը կրկնենք։ Այն հաւատքով, որ յաչս աշխարհի յարատեւող արդարութեան սոյն որոնումները ի կատար պիտի ածուին խիղճերը յագեցնելով, կը վերյիշեցնենք թէ ուշացած արդարութիւնը արդարութիւն չէ եւ կը սիրենք յուսալ, որ սոյն դատավարութեան աւարտին կը ստացուի որոշում մը, որ այս երկրի իրաւական համակարգին համար հպարտութիւն պիտի ըլլայ։ Սիրելի Հրանտի մահուան օրը՝ 19 Յունուարին, Կիրակի առաւօտ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանգուցեալին հոգւոյն հանգստեան համար աղօթք պիտի վերառաքուի։ Այս առթիւ, սգաւոր կողակցին՝ Ռաքելին, զաւակներուն եւ եղբայրներուն անգամ մը եւս կը յղենք մեր ցաւակցութիւններն ու մխիթարութեան աղօթքները։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ