ՍԵՒ ԾՈՎԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

karadeniz ermeniՍեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչի նորանշանակ խորհրդական՝ Իկոր Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ նախկին խորհրդական Վազգէն Խուպլարեանի, 24 Յունիս 2014, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Իկոր Մարտիրոսեան, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Իսկ իր նախորդը՝ Վագզէն Խուպլարեան, աւարտելով իր պաշտօնավարութեան շրջանը, փափաքած էր հրաժեշտի այցելութիւն տալ Պատրիարքարան։

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ նորանշանակ խորհրդականին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի, Հայ համայնքի մասին։ Շնորհաւորեց անոնք եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց յետագայի պաշտօններուն մէջ։