ՍԻԼՎԱ ԿՈՄԻԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

silva gomikyan 2Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կողմէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկեայ շքանշանով պատուուեցաւ ասմունքող՝ Սիլվա Կոմիկեան։

20 Յունուար 2013, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, ի ժամ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ շնորհաբաշխութիւնը։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, քարոզեց հանդիսադիր Սրբազան Հայրը ու նախ մեկնեց օրուան խորհուրդը։ Ապա ծանրանալով գրականութեան վրայ, շեշտեց որ ոմանք կը գրեն, ոմանք ընթերցող են եւ ոմանք ալ այս գրականութենէն նմոյշներ կը տանին մեր ժողովուրդին, իրենց ձայնով, ասմունքով։ Ահա այդպիսիներէն էր Սիլվա Կոմիկեանը, որ իր ասմունքի վարպետութեամբ հռչակաւոր դարձած է ոչ միայն Պոլսոյ, այլեւ աշխարհի զանազան հայ գաղութներուն մէջ։

Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ որ գնահատելով իր բազմամեայ ծառայութիւնը մեր համայնքի կեանքէն ներս որպէս ուսուցիչ, եւ մանաւանդ քաջ ասմունքող, Պատկառելի Կրօնական Ժողովը յարմար դատած է մեծարեալը պատուել Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկեայ շքանշանով։

Ապա Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան կարդաց օրհնութեան գիրը.

gomikyan

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ԱՌ
ՏԻԿԻՆ ՍԻԼՎԱՅ ԿՈՄԻԿԵԱՆ
ԱՌ Ի ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ ԻՐ ԳՐԱՍԷՐ ՎԱՍՏԱԿԻՆ

Հայ ժողովուրդը ունի մատենագրական ու գրական հարուստ ու անկապտելի ժառանգութիւն մը, ուռճացած՝ Մեսրոպեան տառերու փառքին նուիրեալներու վաստակով։ Իսկ ուսուցիչներ կամ արուեստագէտներ իրենց ընթերցանութեամբ կամ արտասանութեամբ կարեւոր ներդրում ունեցած են գրչի մշակներու վաստակը լաւագոյնս ծանօթացնելու ուղղութեամբ։

Մեզի համար յիրաւի արդար հպարտութեան առիթ է, Ձեր անձին մէջ մեծարել Հայ գրականութեան գոհարներու ճարտար մեկնաբան մը, որ ցարդ ունեցած ելոյթներով արժանացած է Ստանպուլահայ գրասէր հասարակութեան անվերապահ գնահատանքին։

Դուք ծնած էք, աւանդապահ ընտանիքի մը երդիքին տակ, ուր կը տիրապետէր երկու քաղաքներու՝ Ռոտոսթոյի եւ Պոլսոյ շունչը։ Ձեր ուսումը ստացած էք Սիպիլի բառերով «Իմաստութեան Տաճարին»՝ Էսաեան Վարժարանին մէջ, վայելելով գրչի մշակներու՝ Տքթ. Վարդ Շիկահերի, Արթօ Ճիւմպիւշեանի եւ Տքթ. Վարդան Կոմիկեանի նման ուսուցիչներու դասաւանդութիւնները։ Դուք սիրած էք մեր գրականութիւնը, մասնաւորաբար բանաստեղծութիւնները, հետզհետէ զարգացնելով արտասանելու Ձեր բնատուր յատկութիւնը։ Տքթ. Վարդան Կոմիկեանի հետ Ձեր կերտած ընտանեկան երդիքին տակ վայելած էք Մեր ոսկեղնիկին ու Մեսրոպատառ գրականութեան մշտակայ ներկայութիւնը, նաեւ Ձեր ամուսնոյն քաջալերանքը։

Դուք արժանացած էք մեր Երանաշնորհ Հոգեւոր Ծնողին՝ Շնորհք Պատրիարքի գնահատանքին, որուն նախագահութեամբ սարքուած սիրոյ սեղաններու, յոբելենական եւ կամ այլ առիթներով կազմակերպուած հանդէսներուն բերած էք Ձեր սիրայօժար մասնակցութիւնը։ Նոյնպէս մասնակցած էք Պետրոս Դուրեանի, Միսաք Մեծարենցի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Վահան Տէրեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Կոմիտաս Վարդապետի, Վահան Թէքէեանի, Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի, Մխիթար Աբբահօր, Պատրիարքական Աթոռի, Ժամանակ եւ Մարմարա Օրաթերթերու կարեւոր տարեդարձներուն առթիւ կատարուած մշակութային ձեռնարկներուն։ Ձեր արտասանութիւններով հրամցուցած էք մեր գրականութեան անծայրածիր անդաստանի մեծանուն մշակներու համեղ պտուղները։

Ձեր արտասանելու համբաւը անդրանցելով մեր սահմանները, հասած է նաեւ արտասահմանի կեդրոններ։ Դուք պատուաբեր յաջողութեամբ հանդէս եկած էք Փարիզ, Մարսէյլ, Ժընեւ, Մոնթրէալ, Նիւ Եորք, Լոս Անճէլըս, Գոլորատօ, Տիթրոյիթ, Թորոնթօ, Հալէպ, Քէսապ, Դամասկոս, Գամըշլը, Պէյրութ, Այնճար, Երեւան, Շթութկարթ, Վիեննա քաղաքներուն մէջ լաւագոյնս ծանօթացնելով Հայ դասական եւ արդիական բանաստեղծութիւնը թէ հայ եւ թէ օտար հասարակութեան։

Մեզի համար կրկնակի ուրախութիւն է նաեւ անդրադառնալ, Ձեր ուսուցչագործութեան, որով առիթը ունեցած էք վեց տարի Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան Վարժարանի երդիքին տակ դաստիարակելու նախակրթարանի բաժնի մեր զաւակները։ Անցեալի Ձեր ուսուցչական ասպարէզը կերպով մը կը շարունակէք այս անգամ Ուսուցչաց Հիմնարկի երդիքին տակ, աշխատակցելով հիմնարկի հրատարակութիւններուն եւ «Ժպիտ» մանկական հանդէսին։

Ուստի Մենք սոյն օրհնութեան գիրով կը գնահատենք Ձեր բազմամեայ ծառայութիւնը մեր համայնքի կեանքէն ներս որպէս ուսուցիչ, եւ մանաւանդ քաջ ասմունքող, եւ կը շնորհենք Պատրիարքական Աթոռի ՄԱՂԱՔԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՈՍԿԵԱՅ ՇՔԱՆՇԱՆԸ կցելով անոր Մեր աղօթքները, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար կեանք, որպէսզի բազում առիթներով պանծացնէք մեր գրական անգին ժառանգութիւնը։

Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զձեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ զձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

Ողջ լեր ի խնամս Տեառն, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն։

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ

Տուաւ օրհնութեան գիրս ի Պատրիարքարանիս
ի դուռն Աթոռանիստ Մայր Տաճարիս Սրբուհւոյ Աստուածածնի
Որ ի Գումգաբու, Ստանպուլ
ի 18ն Յունուարի, յամի Տեառն 2013 եւ
Ի թուին Հայոց ՌՆԿԲ։

silva gomikyan 1Ընդերցումէն յետոյ, հանդիսադիր Սրբազան Հայրը մեծարեալին վիզէն կախեց շքանշանն ու լամբակին զետեղեց կրծքանշանը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղի օրհնութիւն Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի համար։

Ապա թափորը անցաւ Եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր ամփոփուած է Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադիր Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան։ Այստեղ եւս հանգստեան կարգ կատարելէ յետոյ իր լրումին հասաւ հոգեւոր հանդիսութիւնը։

Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան ի նպաստ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի։