ՍԻՒԼԷՅՄԱՆ ՏԷՄԻՐԷԼ ՄԱՀԱՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական

Թուրքիոյ Հանրապետութեան 9րդ Նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլի մահուան առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. ցաւակցական գիր մը ուղարկեց, Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանին։ Նորին Սրբազնութիւնը, յանուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ Համայնքին ցաւակցութիւն յայտնեց, Նորին Վսեմութեան։