ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

119103742_1630130897146787_3232840089339792809_o

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը 10.00ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի եւ ատենապետ՝ Յովհաննէս Կոպոեանի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 13 Սեպտեմբեր 2020, Կիրակի, Խաչվերացի Տաղաւարին։ Այցելուները, օրուան կրօնական հանդիսութեանց նախագահելու հրաւիրեցին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Հիւրերը, տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, թէ ժամ առաջ կը սպասեն թաղային խորհուրդի նոր ընտրութեան կատարումը, որպէսզի հերթափոխութեամբ վարչութիւնը յանձնեն նորընտիրներուն։ Այլապէս, անոնք հաւաստիացուցին, թէ նոր ընտրութիւններու ժամանակ, որպէս թեկնածու պիտի չներկայանան Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ վարչութեան։

Պատրիարք Հայրը լսեց հիւրերուն ներկայացուցած տեղեկութիւնները։ Ինք եւս ցաւ յայտնեց թէ այս տարի Քորոնա Համավարակի պատճառաւ բազում տօնախմբութիւններ անշուք անցած էին։ Ս. Խաչի Տաղաւարին եւս, ակամայ այս իրավիճակը պիտի շարունակէր եւ սակաւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ պիտի նշուէր եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։