ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի, 18 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը խնդրելու Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ յառաջիկայ տօնախմբութեան համար։ Սոյն տօնախմբութիւնը, ըստ աւանդութեան կը կատարուի Պայծառակերպութեան (Վարդավառ) տօնին, որ այս տարի կը հանդիպի 28 Յուլիսին։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։

19 07 18 Surp Garabed_MG_0765_web

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար, սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։