ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Միջեկեղեցական

IMG_3915IMG_3914Ըստ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ աւանդութեան, Ս. Անդրէաս Առաքեալի յիշատակի օրը կ՚ընդունուի նաեւ իբրեւ Կ.Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տօն։ Այս առթիւ 30 Նոյեմբեր 2017, Հինգշաբթի երեկոյեան, Թաքսիմ Ճէյլան Հիւրանոցին մէջ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքի նախագահութեամբ կատարուած սոյն հանդիսութեանց ներկայ էին նաեւ Ն.Ս. Ֆրանսիսկոս Սրբազան Պապի ներկայացուցիչը՝ Կարտինալ Քուրթ Քոխ, որ Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պատմական հանդիպման 50 ամեանի նուիրուած հանդիսութեանց մասնակցելու համար փութացած էր Պոլիս։ Բազմաթիւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ միջեկեղեցական դեմքերու շարքին, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ընդունելութեան մասնակցեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ ու Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Յարաբերութեանց Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։

Նորին Սրբութիւնը, իր ուղերձով հանդէս եկաւ ու բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն։ Ապա, անդրադարձաւ Կ. Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց եւ ծրագիրներուն։ Մասնաւորապէս շեշտուեցաւ թէ՝ ներկայ դարու մեծագոյն խնդիրներէն մէկն է կենսալորտային հարցը։ Այնուհետեւ, Նորին Սրբութեան առաջնորդութեամբ յաջորդ տարի Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջոցարում մը, որով նաւու մը մէջ պիտի շեշտուի բնութեան կարեւորութիւնը։ Այս ուղղութեամբ ո՛չ միայն կոչեր կ՚ուղղուին, այլ՝ ակադեմական եւ աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին, Ս. Գրային հիման վրայ ցոյց տալու համար կենսոլորտի պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը բնութեան նկատմբամբ իր ունեցած նախանձախնդրութեան հետեւանքով կոչուած է «Բնութասէր Պատրիարք»։

IMG_3916Ուղերձէն յետոյ ներկաներ շնորհաւորեցին Նորին Սրբութիւնը։ Այս առթիւ, Սահակ Սրբազան, Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքի անձին մէջ շնորհաւորեց Կ.Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձը եւ փոխանցեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։