ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ըստ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ աւանդութեան, Ս. Անդրէաս Առաքեալի յիշատակի օրը կ՚ընդունուի նաեւ իբրեւ Կ.Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տօն։ Այս առթիւ 30 Նոյեմբեր 2019, Շաբաթ երեկոյեան, Թաքսիմ Ճէյլան Հիւրանոցին մէջ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ։

 

Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքի նախագահութեամբ կատարուած սոյն հանդիսութեանց ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ ու հրաւիրեալներ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ընդունելութեան մասնակցեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքի անձին մէջ շնորհաւորեց Կ.Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձը եւ փոխանցեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։