ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

12309853_514662528693635_8772386965320834089_oԸստ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ աւանդութեան, Ս. Անդրէաս Առաքեալի յիշատակի օրը կ՚ընդունուի նաեւ իբրեւ Կ.Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տօն։ Այս առթիւ 29 Նոյեմբեր 2015, Կիրակի երեկոյեան, Զափյոն Վարժարանին մէջ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ, որմէ յետոյ Այա Թրիատա Եկեղեցւոյ մէջ Սերպիական նուագախումբի համերգը սարքուեցաւ։

Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքի նախագահութեամբ կատարուած սոյն հանդիսութեանց յանուն Պատրիարքական Աթոռի մասնակցեցաւ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ փոխանցեց բարեմաղթութիւններ։