ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

IMG-20150416-WA0000Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, 16 Ապրիլ 2015, Հինգշաբթի, այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին։

Արամ Արքեպս., Ս. Զատկի առթիւ փոխադարձ այցելութիւն տալով, Նորին Սրբութեան անձին մէջ շնորհաւորեց Յոյն Համայնքի Ս. Զատիկը։ Այս առթիւ նուիրեց նաեւ յուշանուէր մը, որուն վրայ քանթակուած էր Մալապատիի Կամուրջին նկարը։

Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Իր մաղթանքը եղաւ, գալ տարի եւս ուրախութեամբ ողջունել Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարը։

hedaye