ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄՈՆՍ. ԵՈՒՍՈՒՖ ՍԱՂԻՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

yusuf sagՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, 17 Ապրիլ 2015, Ուրբաթ, փոխադարձ այցելութիւն տուաւ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղին։

Նորին Սրբազնութիւնը, սոյն այցելութեամբ, Մոնս. Եուսուֆ Սաղի անձին մէջ շնորհաւորեց Ասորի Կաթոլիկ համայնքի Ս. Զատիկը։  Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, փոխադարձ բարեմաղթութիւնները յղեց Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ու անգամ մը եւս մաղթեց որ Ս. Յարութեան տաղաւարը դառնայ օրհնաբեր տօն մը։