ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԻՐԷՐ ՆԱԵՒԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս.Յարութեան Մեծ Զատկին ուրախութիւնը ապրուեցաւնաեւ Գնալը Կղզիի վրայ։ Բաւարար թիւով հոգեւորական չըլլալուն պատճառաւ 27 Մարտինկարելի չէր եղած տեղւոյն Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչԵկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանել, հակառականոր որ ձմրան եղանակին եւս հայազգի կոկիկ համայնք մը կը բնակի Իշխանաց կղզիներուն վրայ։

Երէկ, Կղզիի գողտրիկ եկեղեցին բերնէ բերան լեցուածէր կղզեբնակ հաւատացեալներով եւ քաղաքէն նաւերովեկող ուխտաւորներով։ Կիրակնօրեայ արարողութեանցնախագահեց եւ Ս. Զատկի Պատարագը մատուցանեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ս. Սեղանինսպասարկեցին Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ. Անուշեան, Բրշ.Ռոպէր Սրկ. Ք.Աքպուլութ եւ բարեկրօն դպիրներ։Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Ներսէսեան ԴպրացԴասու անդամներուն եւ հիւրաբար մասնակցողդպիրներուն կողմէ առաջնորդութեամբ Բրկ. Արթուն Ուր.Դպիր Թէքիրօղլուի։ Կղզեաց Պատուարժան ԹաղայինԽորհուրդը ներկայ էր լրիւ կազմով գլխաւորութեամբ Ատամնաբոյժ` Յարութիւն Տիմիճիօղլուի։

ՔԱՐՈԶ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ քարոզեց Տէրունական Աղօթքէն առաջ, եկեղեցին լեցնող հաւատացեալներըողջունեց Ս. Զատկի« Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»աւետիսով։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որՍ. Զատկի Գ. Կիրակիին կը յիշենք այն բոլոր դէպքերը որոնք կատարուեցան Երուսաղէմի մէջ« Վերնատուն,կոչուած սրբատեղին։  Վերնատունը կը կոչուի նաեւ«Աշխարհամատուռ, քանի որ համաշխարհային կամհամաքրիստոնէական կարեւորութիւն ունեցող դէպքերպատահած էին այնտեղ։

Աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան Վերջին Ընթրիքին,Վերնատան մէջ, ամէն բանէ առաջ Սուրբ Պատարագիխորհուրդն է որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ իբր աւանդթողուած է բոլոր հաւատացեալներուն։ «Ս.Հաղորդութիւնը զոր կը ստանանք Ս. Պատարագիընթացքին, մինչեւ օրս հաւատացեալներու միջեւ կըշարունակէ մնալ այն միակ ամենասուրբ յօդը, որ կըմիացնէ, կը զօրացնէ եւ մաքրարար զօրութիւն մը ունի»բացատրեց Պատրիարք Հայրը, եւ շարունակեց, «Ամէնանգամ երբ քահանայ մը  հացի նշխարով եւ կարմիրգինիով եւ Տէր Յիսուսի խօսքերը կրկնելով Ս.Պատարագ մատուցանէ, կը հաւատանք որ ԱստուծոյՍուրբ Հոգին կը ներգործէ, եւ մատուցուած հացն ուգինին մեզի համար հոգեպէս կը փոխարկուի մերՓրկչին մարմնին եւ արեան զոր Ան որպէս մատաղպատարագեց խաչին վրայ` ի քաւութիւն եւ ի թողութիւնմեր մեղքերուն։ Քրիստոնեաներուս համար սա ամենէնկարեւոր, անփոխարինելի եւ սրբազնասուրբ խորհուրդնէ։

Տէր Յիսուս Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առնելէյետոյ, երկու անգամ յայտնուած է Վերնատան մէջհաւաքուած առաքեալներուն։ Պատրիարք Հայրըշարունակեց իր խօսքը նկարագրելով այդհանդիպումները այնպէս ինչպէս պատմուած է ՍուրբԳիրքին մէջ։ «Աւետարանէն կը կարդանք, որ ՔրիստոսիՅարութեան օրը երեկոյեան, Յարուցեալ Փրկիչըյայտնուեցաւ Վերնատան մէջ հաւաքուածաշակերտներուն, որոնք Հրեաներու վախին պատճառովդռները գոցած էին։ Խաղաղութիւն ձեզի, ըսաւ անոնց։Աշակերտները տեսան Փրկչին ձեռքերը, ոտքերն ու կողըորոնք գամերուն պատճառաւ խոշոր վէրքեր կը կրէին։Հաւատացին որ Ան արդարեւ յարութիւն առած էր իմեռելոց եւ լեցուեցան մեծ ուրախութեամբ։ Յիսուս ըսաւանոնց. Ինչպէս որ Հայրս զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կըղրկեմ։ Եւ ապա փչեց անոնց վրայ  ու ըսաւ. Առէ՛ք ՍուրբՀոգին»։ Այսպէս, Վերնատունը, կամ Աշխարհամատուռը,ոչ միայն Ս. Պատարագի խորհուրդի հաստատմանսրբավայրը կ՚ըլլար, նաեւ այն տեղը ուրԱռաքեալներուն կը փոխանցուէր Սուրբ Հոգին։

Պատրիարք Հայրը ապա բացատրեց, որ ըստԱւետարանի, յիշուած դէպքէն շուրջ շաբաթ մը յետոյՔրիստոս նորէն յայտնուած էր Վերնատան մէջհաւաքուած աշակերտներուն։ Այս անգամ նախորդյայտնութեան ժամանակ բացակայող Թովմասն ալՎերնատան մէջ կը գտնուէր։ «Խաղաղութիւն ձեզի, ըսաւՅարուցեալ Փրկիչը աշակերտներուն, եւ դառնալովԹովմասին ըսաւ. անհաւատ մի՛ ըլլար, այլ`հաւատացեալ։ Թովմաս երբ տեսաւ Անոր ձեռքերուն,ոտքերուն եւ կողին վրայ գամերուն խոր հետքերը, ըսաւ.Տէ՜ր իմ եւ Աստուա՜ծ իմ։ Իսկ Տէրը պատասխանեց.Երանի՜ անոնց որ չեն տեսած ու կը հաւատան»։
«Երբ կը վերյիշենք Վերնատան մէջ պատահած դէպքերը,կը վերահաստատուինք Ս.Պատարագի խորհուրդին,մեր հաւատքին, Ս. Հոգիի ներգործութեան,ներանձնական խաղաղութեան եւ Ս. Զատկի ցնծութեանմէջ» շարունակեց Պատրիարք Հայրը։ «Իրականութեանմէջ ամէն անգամ երբ Ս. Պատարագ մատուցուի, այսբոլորը մեզի հետ են։ Մեծ կամ փոքր հրաշքներ մերկեանքին մէջ ալ կրնան գործուիլ, միակ նախապայմանըհաւատքն է»։

«Մեր մտքերն, մեր սրտերն ու հոգիները բաց պահենքՍուրբ Հոգիի ներգործութեան։ Ձկնորսներըառաքեալներու, Եոզղատի Իյտէլի գիւղակի մանուկհովիւ Արշակը` Շնորհք Պատրիարքի, լեհացի համեստդերձակի մը որբ տղեկը` Յովհաննէս Պօղոս ԲՔահանայապետի վերածող Աստուած, մեզ բոլորս ալկրնայ զօրացնել հաւատքով, յուսով եւ սիրով, մեզի ալմտքի, մարմնի եւ հոգիի առողջութիւն, երջանկութիւն եւխաղաղութիւն  կրնայ պարգեւել։ Պարզապէս ականջպէտք է տանք Իր կոչին, Անոր Հոգիով պէտք էվերածնինք, Անոր հոգեւոր որդիներուն պէտք էվերածուինք»։

ԱՐՁԱԿՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆ
Բազմաթիւ հաւատացեալներ Ս. Սեղան մօտեցան հաղորդուելու համար։ Ս. Պատարագի աւարտին կարդացուեցաւ Յովհաննու Աւետարանին Զ. գլուխէնհատուած մը։ Օր մը, Իր հետեւորդներէն շատերը ետ քաշուեցան եւ այլեւս չէին շրջէր Քրիստոսին հետ։ Այնատեն Յիսուս տասներկու աշակերտներուն ըսաւ. «Միթէդո՞ւք ալ կ՚ուզէք երթալ»։ Սիմոն Պետրոսպատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք։ Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Եւ մենքհաւատացինք ու ճանչցանք թէ դո՛ւն ես Քրիստոսը`Աստուծոյ Որդին» (67-70)։

Ապա, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ներսէսեան Դպրացդասուն կողմէ «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականով եւթափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդարանը,որուն դրան առջեւէն կարդաց «Պահպանիչ» աղօթքը,օրհնեց հաւատացեալները եւ վերջին օրհնութեամբարձակեց բոլորը։

Ս.ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, ԿղզեացԹաղային Խորհուրդին կողմէ պատրաստուածզատկական կարմիր հաւկիթները եւ «չէօրէք»ներըբաժնուեցան բոլոր ներկաներուն եւ ծովահայեացդարաւանդին վրայ տիրեց զատկական ուրախմթնոլորտ։ Կղզեաց Թաղային Խորհուրդը ամէն բանըրած էր որպէսզի Զատիկի ցնծութիւնը, հոգ չէ թէ երեքշաբաթ յապաղումով հասնէր նաեւ կղզեբնակհաւատացեալներուն։

Աւելի վերջ եկեղեցւոյ վերին պարտէզը, ԹաղայինԽորհուրդի, Դպրաց դասու եւ երիտասարդաց խումբիանդամները հաւաքուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ։Նշուեցաւ եկեղեցասէր երիտասարդներէն Սայաթ ԴպիրՉնարեանի ծննդեան 18րդ տարեդարձը։

Հուսկ, Պատրիարք Հայրը երիտասարդներէն տասներկուհոգինոց խումբ մը ընդունեց Գնալըի ամարանոցիպարտէզին մէջ ժամը 15.00ին։ Օգտաշատ զրոյցկայացաւ, երբ Պատրիարք Հայրը ունկնդրեցերիտասարդներու ակնկալութիւնները ՊատրիարքականԱթոռէն եւ ընդհանրապէս համայնքէն։ ՆորինԱմենապատուութիւնը իր կարգին իրտպաւորութիւնները փոխանցեց Յովհաննէս ՊօղոսՊապի յուղարկաւորութեան մասնակցող հարիւրհազարաւոր երիտասարդներու ջերմեռանդութենէն։