ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ 173ՏԱՐԵԿԱՆ

Kategori: Համայնքային

Համբարձման տօնակատարութիւններըշարունակուեցան 8 Մայիս Կիրակի առաւօտ, ԵրկրորդԾաղկազարդին, միանալով Սուրբ Փրկիչ ԱզգայինՀիւանդանոցի հիմնադրութեան 173-րդ տարեդարձին։

Առաւօտեան կանոնական ժամերգութիւններէ վերջ,մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ձեռամբ Գերշ. Տ. ՆերսէսԱրքեպիսկ. Պոզապալեանի։ Արարողութեանց ներկայէին Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեան, Ղպտի ՈւղղափառԵկեղեցւոյ Կլասթընպըրիի Գերշ. Ապպա ՍերաֆիմՄետրոպոլիտը, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիէն Հոգշ. Հ.Դանիէլ Վարդապետ։
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցանԿէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Զուարթնոցերգչախումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ ԳէորգՉաղլըչուպուքճուի, երգեհոնահարութեամբ ՀերմանՓորթաքալեանի։

Սրբազան Հայրը Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց§Մեծահրաշ այս խորհուրդ աւանդութեամբ առ մեզհասեալ, զոր հոգւոց լուսատուն ի պաշտպանէն իւրմէլուեալ. եթէ տօն մեծ է այսօր իմոյ դասուն որ ի յերկինս¦ (Շարակնոց) բնաբանով։ Քարոզիչ Սրբազանը պատմեցՍ. Գրիգոր Լուսաւորչի կեանքէն այն դրուագը, երբհրեշտակը ամէն օր կ՚այցելէր իրեն, սակայն երկրորդԾաղկազարդի օրը երկնքի մէջ Քրիստոսի համբարձմանչորրորդ օրուան տօնախմբուելուն պատճառաւհրեշտակը չի կրնար խոր վիրապ այցելել։
Ապա Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրբ ՓրկիչԱզգային Հիւանդանոցի պատմութեան եւ նշեց թէորքան կարեւոր է Հիւանդանոցի անուան §Սուրբ Փրկիչ¦ըլլալը։ 173 տարուան անցեալով այս պատկառելիհաստատութիւնը Քրիստոսի անունով հիւանդներուբուժման համար կ՚աշխատի։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին ՆորինՍրբազնութիւնը բացումը կատարեց ԶԻՊԷՉ-ինորոգուած եւ ընդարձակուած յարկաբաժնին, որունծախսերն ստանձնած էր բարերար ՍուրէնԱնթիքաճեան։

Ապա, հաստատութեան պարտէզին մէջ սարքուեցաւաւանդական սիրոյ սեղան։