«Սուրբ Փրկիչ» Ամսաթերթ Հայոց Հիւանդանոցի

Zakirbaşı sok. No. 32, 34021 Kazlıçeşme
Հեռ.՝ (0212) 510-8052 (9 hat), (0212) 510-7374 , (0212) 582-5050 (5 hat)
Ֆաքս՝  (0212) 558-1584
Ել-նամակ՝ info@surppirgic.com
Կայքէջ՝ http://www.surppirgic.com

Որպէսզի կարենանք լաւապէս ըմբռնել «Սուրբ Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի ամսաթերթ»ի բնոյթը, պէտք է նախ պատմական անցեալը ներկայացնել ու յիշել, թէ նախապէս հրատարակութիւնը կը կատարուէր իբրեւ տարեցոյց։

Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի կողմէ հրատարակուած տարեցոյցերը այսօր թէ՛ հիւանդանոցի անցեալին եւ թէ՛ շրջանի մը հաւաքական կեանքին լոյս սփռելու տեսակէտէ անգնահատելի արժէքով գանձեր են։

1900-ին Պատրիկ Կիւլպէնկեանի հոգաբարձութեան շրջանին կ՚որոշուի որ հիւանդանոցը ամէն տարի տարեցոյց մը հրատարակէ։ Տարեցոյցերը, որոնք 1900-1910 թուականներու միջեւ կանոնաւորաբար կը հրատարակուին եւ «Պաղտատլեան եւ ապա՝ Տէր Մինասեան Տպարան»ի եւ «Մատթէոսեան Տպարան»ի մէջ կը տպուին, պատերազմներու եւ ընկերային դէպքերու պատճառով 1910-1924 թուականներու միջեւ կ՚ընդհատուին։ 1924ին վերստին հրատարակուիլ կը սկսին, իսկ 1949ին վերջնականապէս կը դադրին։

Տարեցոյցերու մէջ տեղ կը գտնեն մանկանց խնամքէն սկսեալ մինչեւ հայկական խոհանոցի մշակոյթ, Օսմանեան հողերուն վրայ որբանոցներէն սկսեալ մինչեւ եկեղեցիներ, Օսմանցի դեսպաններէն մինչեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, գործի կեանքէն մինչեւ կրօնական կեանք, գրեթէ բոլոր նիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան հետեւելու Օսմանեան եւ Հանրապետական պատմութեան հետքերուն։

1949էն մինչեւ այսօր տարեցոյցերը վերածուած են ամսաթերթերու, «Սուրբ Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի ամսաթերթ» անուամբ։

2012 թուականը, որ կը զուգադիպէր  Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի հիմնադրութեան 180 եւ Հայ Տպագրութեան 500 ամեակին, Հիւանդանոցի 1900-1910 թուականներու Տարեցոյցերը նմանատիպ հրատարակուեցան, հանդերձ Հայերէն եւ Թրքերէն ցրուցանկերով։ Սոյն առթիւ հրատարակուեցաւ նաեւ 180 ամեակի յատուկ թիւը։

Ներկայիս ամսաթերթի հրատարակութեան վարիչն է Արսէն Արման եւ հրատարակութեան պատասխանու տնօրէնն է Մաքրուհի Պ. Յակոբեան։