ՍՈՒՐՈՒՉԻ ՄԷՋ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

Քօպանիէն փախուստ տալով Թուրքիա ապաստանած երէք հայ ընտանիքներէն երկուքը, այս շաբաթավերջին կը մեկնին Հայաստան։

Ինչպէս, նախապէս հաղորդուած է, երէք Հայ ընտանիքներ Սուրուչի ԱՖԱՏ (Աղէտի եւ անակնկալ դէպքերու կեդրոնի) վրանակերտ բնակավայրին մէջ կը գտնուին եւ անցեալ ամիս, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի այցելած էր սոյն ընտանիքները։ Այժմ, անոնք փափաք յայտնած են, որպէսզի Հայաստանի մէջ հաստատուին։ Արամ Արքեպս., սոյն խնդրանքը իրագործելու նպատակաւ վերջերս հեռաձայնով կապ հաստատեց պատկան իշխանութեանց հետ։ Նախ, տեսակցեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ, որպէսզի ընտանիքներու երկրէն ելքի խնդիրը լուծուի եւ արագացուի գործընթացքը։ Ապա, տեսակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան հետ, որպէսզի եզրափակիչ լուծումը հաստատուի եւ ընտանիքներու երկրէն մուտք գործելու համար արտօնութիւն տրուի։ Սոյն գործընթացքին, ընտանիքներէն մէկը հրաժարեցաւ Հայաստան մեկնելէ, իսկ երկու ընտանիքներ անգամ մը եւս Հայաստան երթալու մասին իրենց կամքը յայտնեցին։

Ընտանիքներու ելքի եւ մուտքի խնդիրները լուծուած ըլլալով, երկու ընտանիքներ, 30 Օգոստոսին, ընկերակցութեամբ Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր պիտի մեկնին Հայաստան։ Սրբազան Հայրը, ապաստանեալ ընտանիքները պատկան իշխանութեանց պատասխանատուներուն յանձնելէ յետոյ, Չորեքշաբթի պիտի վերադառնայ քաղաքս։