ՍՎԱՍԻ ՄԷՋ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային

ՍՎԱՍԻ ՄԷՋ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

 

Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի եւ Բրկ. Յովսէփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի, հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սվասի Հայ համայնքին։

2018 SIVAS KEREZMANORHNEK

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ ընկերակիցները 10 Ապրիլ 2018, Երեքշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Սվաս եւ դիմաւորուեցան տեղւոյն ազգայիններէն՝ Երուանդ Տուրմազկիւլէրի ու Երուանդ Մըղտըսի կողմէ։ Անոնք ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, ուր ժամը 14.00-ին կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։ Յիշատակուեցան Սվասի երբեմնի առաջնորդները, հոգեւոր ու ազգային սպասաւորներն ու տեղւոյն հանգուցեալ հաւատացեալները։

2018 SIVAS KEREZMAN TOPLU

 

Նոյն երեկոյեան Ժամը 21.00-ին Տուրմազկիւլէր ընտանիքի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ։ Արարողութեանց աւարտին ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։ Հայր Սուրբը Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, քարոզեց եւ շեշտեց վերանորոգութեան կարեւորութիւնը եւ ազգային ու մշակութային արժէքներու կապուած մնալու հրամայականը։ Ան ընդգծեց նաեւ հաղորդութիւն ստանալու եւ Ս. Գրքի ընթերցման կարեւորութիւնը հաւատքի զօրացման համար։

2018 SIVAS BADARAK

2018 SIVAS BADARAK SONRASI

Նոյն գիշեր, այցելութիւն մըլ տրուեցաւ նաեւ Սվասի մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհի Տիկին Հերիքնազ Արսլանի։

2018 SIVAS HERIKNAZ

Յաջորդ օր, ժամը 11.30-ին, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ ընկերակիցները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Սվասի Քաղաքապետ Սամի Այտընի։ Հայր Սուրբը փոխանցեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մերազն ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած մօտիկ հետաքրքրութեան համար։

2018 SIVAS BASKAN TOPLU

Աւելի քան մէկ ժամուան հաճելի զրոյցի ընթացքին ինչ ինչ հարցերու մասին կատարուեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Այցելուները, շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն հանդիպման համար։ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Սվասի Քաղաքապետին նուիրեց Սեբեստացի Ս. Վլաս Հայրապետի մասին գիրք մը, իսկ Քաղաքապետն ալ իր կարգին՝ յուշապնակ մը։

2018 SIVAS BASKAN HEDIYE

Անոնք նոյն երեկոյեան օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։

 

Այցելութեանց ընթացքին Սեբաստիոյ մերազն համայնքի անդամները մեծապէս ուրախ էին, Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ կատարուած արարողութեանց մասնակցած ըլլալով։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։