ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

istanbul valiՍտանպուլի մեծայարգ Կուսակալ Հիւսէյին Ավնի Մութլու, 7 Մարտ 2013, Հինգշաբթի օր, ժամը 13.00-ին, այցելեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցին։ Մեծայարգ կուսակալը, եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ դիմաւորուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ֆաթիհի շրջանի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները, համայնքային եւ թաղային մարմիններու անդամներ, բարերարներ, յարցակումի ենթարկուողներու ընտանեկան պարագաներ, ինչպէս նաեւ Ստանպուլի Ապահովութեան Տնօրէն Հիւսէյին Չափքըն, Ֆաթիհի Ապահովութեան Տնօրէն Իրֆան Պէքեարօղլու։

Մեծայարգ կուսակալի նախապէս ծրագրուած այս այցելութիւնը կ՚առընչուէր Սամաթիաբնակ հայ տարեց կիներու վրայ յարցակում գործող յանցագործին ձերբակալման հետ։

Ի պատասխան Նորին Սրբազնութեան բարի գալստեան մաղթանքներուն, մեծայարգ կուսակալը ուրախութիւն յայտնեց թէ՝ յանցագործը ձերբակալուած էր եւ վերջ գտած՝ համայնքը յուզող այս տխուր դէպքերուն գործած ազդեցութիւնը։ Հաւաստիացուց թէ՝ պետութեան ապահովութեան ուժերը լուրջ քննարկումներ կատարած էին, որպէսզի յանցագործին ինքնութիւնը ստուգուէր եւ յանձնուէր օրինական հետապնդման։ Բոլոր հայրենակիցները, ինչպէս նաեւ Հայ համայնքը, որ անբաժան տարրն է Թուրքիոյ Հանրապետութեան, կը վայելէ ապահովութեան ուժերու պաշտպանութիւնը, ըսաւ Կուսակալ Մութլու։

fatih emniyet muduruԱՅՑ՝ ՖԱԹԻՀԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԻՆ

Ժամը 15.00-ին, Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելու համար այցելեց Ֆաթիհի շրջանի ապահովութեան կեդրոնը եւ ընդունուեցաւ շրջանի Ապահովութեան Տնօրէն Իրֆան Պէքեարօղլուի կողմէ։

Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ որ փափաքած է սոյն քաղաքավարական այցելութիւնը տալ, Սամաթիոյ ծանօթ դէպքերէն յետոյ, քանի այս թաղը մաս կը կազմէ Ֆաթիհի շրջանին։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց տարուած աշխատանքին համար։

Պէքեարօղլու եւս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այցին համար ու ըսաւ թէ իրենց պարտականութիւնն է պահպանել շրջանի ապահովութիւնը եւ այս գիծով աշխատած են։ Ապահովութեան Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ցուցաբերուած վստահութեան ու համբերութեան համար եւ խոստացաւ կարելին ընել որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ աւելի հանգիստ կարենայ ապրիլ իր առօրեան։