ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՍԱՆ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

Haber KartՍտանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։

Ինչպէս ծանօթ է, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ Եաւուզ Սալթըք, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր եւ Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներու հետ, 10 Մարտ 2021, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցած էր։ Հանդիպման ընթացքին, Եաւուզ Սալթըք, Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի գործունէութեան մասին լսելով, յայտնած էր թէ՝ Մայր Քաղաքապետութիւնը եւս կրնայ օժանդակել Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբին։

Պատրիարքարան հասած օժանդակութեան ծրարներուն մէջ, կը գտնուին Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի նամակը եւ երկու հատ «ՇՈՔ նուէրի տոմս», որոնց իւրաքանչիւրը կ՚արժէ 50 Լիրա։ Յարգելի Քաղաքապետի գրութեան մէջ յատկանշական է հետեւեալ բարեմաղթութիւնը. «այս դժուարին օրերը միասնաբար պիտի յաղթահարենք, միասնաբար պիտի յաջողինք»։ Պատրիարքարան հասած տոմսերը, Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբին եւ Եկեղեցեաց Աղքատախնամ մարմիններու համագործակցութեամբ յաջորդ շաբաթ պիտի յանձնուին կարիքաւոր ընտանիքներուն, պատրաստուած պարէնի տուփերու առընթեր։ Այս առումով, Մայր Քաղաքապետութենէն հասած այս օժանդակութիւնը, Պատրիարքական Աթոռոյ ձեռամբ պիտի յանձնուի համայնքիս կարիքաւոր անդամներուն։

Բաց աստի, Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեցին Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ Եաւուզ Սալթըքի։