ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

ghevontyantsՍրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 5 Փետրուար 2013, Երեքշաբթի առաւօտ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, իր շուրջն ունենալով Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը։

Ս. Պատարագը մատոյց Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց երէց՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան, Բրկ. Խաչիկ Կսրկ Օհանեան, Բրկ. Արման Կսրկ Պուլտուքեան եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Քահանայից Դասու անդամները, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրկ. Էտվին Յարութիւն Ուր. Դպ. Կալիպեանի։

Նախքան Տէրունական Աղօթքը, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան կարդաց Եղիշէ Պատմիչի գիրքէն Ղեւոնդ Երէցի ճառը, որու աւարտին իր խօսքը ուղղեց ներկայ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր տօներէն միոյն խորհուրդը՝ անդրադառնալով Ս. Ղեւոնդեանց Քահանաներու պատգամին։ Ղեւոնդ Երէցը եւ իրեն նման բոլոր սուրբերը իրենց կեանքը զոհեցին եւ նահատակուեցան, որպէսզի մեր հաւատքը փրկեն եւ մենք շարունակենք ըլլալ Հայ Քրիստոնեաներ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն ի հանգիստ եկեղեցւոյ հանգուցեալ բոլոր սպասաւորներու հոգւոցն։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Տաճարի յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ հոգեւորականներու ի պատիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Սիրոյ սեղանին, յանուն հոգեւորականաց դասու արտայայտուեցաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Նորին Սրբազնութիւնը կարեւորութիւնը շեշտեց Ղեւոնդեանց շարժումին։ Հայ ժողովուրդը իր հոգեւորականներուն առաջնորդութեամբ էր որ կարողացած էր միասնութեամբ յաջողիլ պահպանելու իր ինքնութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը  շնորհաւորեց բոլոր հոգեւորականները մաղթելով իրենց կարողութիւն։

Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի շնորհաւորական խօսքերով եւ հոգեւորականներու միասնաբար արտասանած աղօթքով։

ghevontyants 2