ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

12628542_535545306605357_571833282558817396_oՍրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 2 Փետրուար 2016, Երեքշաբթի առաւօտ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, իր շուրջն ունենալով Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. ԳրիգորԱւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Քահանայից Դասու անդամները։

Նախքան Տէրունական Աղօթքը, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան քարոզեց. «Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն» (Սղմ. ՃԼԱ) բնաբանով։ Հայր Սուրբը, եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ միջեւ եղած յարաբերութիւնը պատկերացուց, ըսելով. «Եթէ կ՚ուզենք որ երկնի վրայ ուրախութիւն ըլլայ, հրեշտակներ ուրախութեամբ դղրդան, նախ երկրի վրայ պէտք է ըլլայ ուրախութիւն, արդարութեան ճամբով։ Քահանային արդարութեան մասին կը խօսինք եւ այդ ալ կարելի է ամփոփել մաքրութիւն բառով։ Այսօր երկնային եւ երկրային մեծ ուրախութեան տօն է։ Քահանայութեան տօնն է։ Վարդանանց Պատերազմի ոգին հանդիսացող գաղափարապաշտ հոգեւորականներու յիշատակութեան օրն է։ Երբ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած սպասաւորներ իրենց պաշտօնը կը կատարեն խղճմտութեամբ, մաքուր սրտով, մաքուր հոգիով, ցնծալով կը ցնծայ երկինքը։ Քահանաներ ուղղակիօրէն կապուած են Քրիստոսի, անքակտելի ձեռնադրութեամբ մը, որուն առաջին օղակը կը հանդիսանայ նոյնինքն Քրիստոս։ Բայց, այս իրողութեան ներքեւ աշխարհ ալ առինքնող է։ Աշխարհը զանազան գեղեցիկ զգեստներ եւ հրապուրիչ փառքեր կրնայ խոստանալ։ Այդ փորձութեան դիմաց պէտք է յիշել Ղեւոնդ Երէցին պատասխանը, տրուած՝ հեթանոս թագաւորին. Դուն մեզի փառք կը խոստանաս, մենք արդէն այդ փառքը ունինք։ Քրիստոսը հագած սպասաւորին համար չկայ աւելի մեծ փառք մը եւ կամ այլ հագուստ մը»։

Իր խօսքերու աւարտին, քարոզիչ Հայր Սուրբը, յանձին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաղողիկոսի, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասուն եւ յանձին Արամ Արքեպիսկոպոսի, Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասուն Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը շնորհաւորեց։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն եկեղեցւոյ հանգուցեալ բոլոր սպասաւորներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Տաճարի յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ հոգեւորականներու ի պատիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Սիրոյ սեղանին, արտայայտուեցաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Նորին Սրբազնութիւնը կարեւորութիւնը շեշտեց Ղեւոնդեանց շարժումին եւ յիշեցուց Ղեւոնդեանց քահանաներու քաջարի կեցուածքը։ Այդ ոգին, քաջալերած էր նաեւ Ս. Վարդանանց Զօրավարներն ու իշխանները։ Հոգեւորականներու առաջնորդութեամբ, զօրավարներու միացումով եւ ժողովուրդի զօրակցութեամբ, Հայ ժողովուրդը կապուած մնացած էր Քրիստոսին։ Անոնք նոյնիսկ մահը յանձն առած էին։ Իսկ այսօր, մենք որքանո՞վ հաւատարիմ կը մնանք այս ոգիին։ Պարզապէս տօնակատարութի՞ւն մըն է կատարուածը։ Միայն տօնական ուրախութեամբ հաւաքուիլը, սիրոյ սեղանի մասնակից դառնալը, սուրբերու յիշատակը ճառերով պանծացնելը բաւարար չէ ներկայիս։ Այսօր, մեծ մարտահրաւէրի մը հետ դէմ հանդիման ենք։ Կրօնական ու բարոյական արժէքները կեանքի կոչելու տեսակէտէ աւելի ազատ ենք, բայց եւ այնպէս կը տեսնենք շատեր այս ազատութիւնը կը գործածեն ընդդէմ եկեղեցւոյ, ընդդէմ Աստուծոյ։ Այս սուրբերը իրենց կեանքը նուիրեցին, որպէսզի մենք մնանք Քրիստոսի փարախին մէջ։ Եթէ այսօր մեզի հետ խօսելու առիթը ունենային, պիտի չ՚ըսէ՞ին. «Մենք մեր կեանքը զոհեցինք, որպէսզի դուք եկեղեցիէն հեռո՞ւ կեանք ունենաք, որպէսզի եկեղեցի՞ն հալածէք, որպէսզի անաստուածութեամբ թրծուած վիճակով եկեղեցի, եկեղեցական եւ հաւատք հալածելը պաշտամո՞ւնք նկատէք»։ Ղեւոնդեանց Քահանաներ, այսօր թէ՛ հոգեւորականները, թէ՛ վարիչները եւ թէ՛ ժողովուրդը կը հրաւիրեն պայքարելու այս անախորժ տեսարանին հետ։

Նորին Սրբազնութիւնը , Արամ Սրբազանի անձին մէջ, շնորհաւորեց հոգեւորականաց դասու անդամները, մաղթելով ի Տեանռէ կարողութիւն եւ յաջողութիւն, քահանայական դժուարին պարտականութեան մէջ։

Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ, հոգեւորականներու միասնաբար արտասանած աղօթքով։

  • 12628542_535545306605357_571833282558817396_o
  • 12671611_535733063253248_5136144367169935495_o
  • 12657867_535734689919752_5586391992717931862_o
  • 12657872_535733416586546_8510996430190896214_o
  • 12657165_535733953253159_8201310103735208361_o
  • 12633491_535734116586476_4087267990856704394_o
  • 12622537_535735029919718_970790344729757775_o
  • 12593829_535732773253277_7649739035460731344_o
  • 12419303_535732583253296_8089813405204331606_o
  • 12592781_535732579919963_2822189141969520956_n
  • 11257569_535733649919856_1204718946950858458_o