ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 18 Փետրուար 2020, Երեքշաբթի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր

Նախագահութեամբ եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։

 

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Քահանայից Դասու անդամները, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրշ. Սեւան Սրկ. Արապեանի։

 

Նախքան Տէրունական Աղօթքը, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան քարոզեց. «ծաւալեալ զլոյս գիտութեան յոգիս արանց կատարելոց` կամաւոր յօժարութեամբ կատարեցան սիրով Փրկչին» (Շարական՝ Ս. Ղեւոնդեանց) բնաբանով։ Հայր Սուրբը նախ ներկայացուց Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց Տօներուն անջատապէս նշուելուն խորհուրդը, որով կը յայտնուէր եկեղեցականութեան եւ աշխարհականներու միահամուռ պայքարը՝ ընդդէմ կռապաշտութեան։ Ս. Ղեւոնդ Երէց, իր հաւատքով ու հռետորական քարոզխօսութեամբ, հարիւրաւոր հայերը քաջալերած էր Քրիստոնէական շունչով։ Այդ պատճառաւ էր որ, հարիւրաւոր Հայեր, վասն սիրոյն Քրիստոնէութեան, պատրաստ էին նոյնիսկ նահատակուելու եւ պատմութիւնը կը ցուցադրէ թէ՝ անոնցմէ շատեր նահատակուեցան եւ իրենց հաւատքով օրհնեցին Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները։ Իրենց օրհնութիւնը կը հասնի մինչեւ մերօրեայ ժամանակներուն, բաւ է որ հոգեւոր հայեացքով հետեւինք իրենց կեանքի բնաբանին։ Հայր Սուրբը, ապա Ս. Ղեւոնդի անձին մէջ ցոյց տուաւ քահանայութեան կարգի սրբութիւնը։ Մասնաւորապէս շեշտեց թէ՝ քահանաներ իրենց պաշտօնով, Քրիստոսի Ս. Յարութեան տարբեր մէկ երեսակը կը ցուցադրեն ժողովուրդին։ Շատեր քահանան եւ եկեղեցին, տկարութիւն կ՚որակեն, մինչ՝ քահանաներու կեցուածքը, հաւատքը, խօսքը եւ մասնաւորապէս Ս. Յարութեան նկատմամբ հաւատքը, շատերու մէջ պիտի յայտնէ թէ՝ եկեղեցին ու քահանայութիւնը միշտ կենսունակ է եւ բոլոր զաւակներուն կը փոխանցէ Ս. Յարութեամբ օծուն նոր կեանք, շունչ ու հոգի։ Հայր Սուրբը հրաւիրեց բոլոր ներկաները, Ս. Ղեւոնդի օրինակով ընթանալու եւ անցեալի նման մեր ժողովուրդին մէջ Քրիստոնէական արժէքներու հանդէպ ունեցած սէրը վերականգնելու համար։ Իր խօսքերու աւարտին գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Վեհափառ Հայրապետի, Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն տօնը շնորհաւորեց ու իմաստութիւն եւ գործոց բարեաց յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։ Նշեց նաեւ թէ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որպէս Պատրիարք, առաջին անգամ կը նախագահէր Ս. Ղեւոնդեանց Տօնին եւ այս առիթով Նորին Ամենապատուութեան մաղթեց բեղուն գործունէութիւն, ծաղեալ գաւազան եւ յատկապէս իմաստութիւն ու համբերութիւն։

 

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Սրբազան Հայրը յայտարարեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու աշխոյժ անդամներէն Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեակին առիթով իրեն կը շնորհէ «Աւագ Քահանայութեան» պատիւ։ Այնուհետեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն շնորհեց Տէր Հօր եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զայն, իրեն մաղթելով կարողութիւն եւ յաջողութիւն։

 

Տուուչութենէ յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեամբ, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ բոլոր հոգեւոր սպասաւորները։

2020 GHEVONTYANTS 1

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Տաճարի յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ հոգեւորականներու ի պատիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

 

Սիրոյ սեղանին, արտայայտուեցաւ Տ. Տրդատ Աւ. Քահանան, եւ յանուն քահանայից դասուն շնորհաւորեց Պատրիարք Հօր Ս. Ղեւոնդեանց Տօնը։ Իրեն ընծայուած պատիւին համար նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան։ 25 տարուայ ծառայութիւնը շուտով անցած էր եւ երջանկութիւն էր երիտասարդութենէ քահանայութիւն ճամբորդած անձի մը համար վայելել սոյն տեսարանը։ Յետ այսու, ինք առաւել եւս պատասխանատուութիւն ստանձնած ըլլալով, առաւել եւս մեծ ճիգ պիտի թափէր վասն պանծացման եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ բոլոր հոգեւորական եղբայրներուն համար խնդրեց Աստուծմէ իմաստութիւն եւ անսասանութիւն։

 

Արտայայտուեցաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան եւ յայտնեց թէ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին իր եկեղեցական ծառայութեան մէջ ունէր իր ուրոյն տեղը։ Իր մանկութեան շրջանը անցած էր այս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ եւ երկար տարիներ ըմբոշխնած էր այս մթնոլորտին շունչը։ Այնուհետեւ, այս եկեղեցւոյ մէջ որպէս հոգեւոր հովիւ նշանակուած ըլլալով, հոգեւոր մեծ ոգեւորութեամբ սկսած էր իր պաշտօնին եւ որպէս երէց առաջին անգամ Ս. Ղեւոնդեանց Տօնին կը դառնար նաեւ հիւրընկալ։ Ինք եւս Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց իր հայրական հոգածութեան համար եւ մաղթեց իրեն իմաստութիւն եւ արեւշատութիւն։ Այս առթիւ շնորհաւորեց նաեւ հոգեւոր եղբայրների, իրենց մաղթելով կարողութիւն։

 

Հակիրճ արտայայտութիւն մը եւս ունեցաւ՝ Պրազիլէն հիւրաբար քաղաքս ժամանած երբեմնի Պոլսեցի Արժ. Տ. Պօղոս Աւ. Քհնյ. Պարոնեան։ Տէր Հայրը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց, քանի նման առիթով իր հոգեւոր եղբայրենու հետ աղօթակից կը դառնար իր ծննդավայրին մէջ։ Յիշետակեց երբեմնի Պոլիսէն քանի մը դրուագներ եւ յատկապէս շեշտեց Պատրիարքական Աթոռոյ կարեւութիւնը։ Այնուհետեւ, շնորհաւորեց Պատրիարք Հայրը եւ յայտնեց թէ աղօթող պիտի մնայ իր կենաց եւ խաղաղութեան համար։

 

Պատրիարք Հայրը եւս իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հոգեւորականներուն եւ սեղանակիցներուն։ Յայտնեց թէ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը, ո՛չ միայն ազգային եկեղեցական տօն մըն է, այլ՝ քահանայութեան կոչումը յիշատակելու լաւագոյն առիթներէն մին։ Ինք խօսեցաւ եկեղեցականութեան եւ ներկայ պայմաններու ներքեւ իրենց մատուցած ծառայութեան կարեւորութեան մասին։ Յայտնեց թէ եկեղեցականներ թիւով քիչ են ժողովուրդին մէջ, բայց հրամայական է իրենց ծառայութեան շարունակականութիւնը, որովհետեւ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդի աղբիւրն է այդ մէկը։ Այսպիսով յայտնեց թէ, Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնահերթ տեսլականներէն մին պիտի ըլլայ, Ս. Գիրքի գիտութեամբ զօրացած հոգեւորականներ պատրաստել եւ զանոնք ժողուրդին որպէս հովիւ ուղարկել։ Այս շրջագիծով, մեծ ուրախութեամբ յայտնեց թէ այս շաբաթավերջին Պատրիարքական Աթոռոյ երկու ժառանգաւոր սաներ Սեւան եւ Սարօ սարկաւագները պիտի արժանանան քահանայական ձեռնադրութեան ու անոնք պիտի միանան հոգեւորականաց դասու շարքին։ Այս տօնի առիթով ներկաները հրաւիրեց անոնց համար աղօթելու, որպէսզի մշակ առանց ամօթոյ ըլլան եւ Պոլսոյ մէջ նոր սպասաւորներ եւս եկեղեցւոյ ծառայելու կամքով յայտնուին Տիրոջ անդաստանէն ներս։

2020 GHEVONTYANTS 2

Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ, հոգեւորականներու միասնաբար արտասանած աղօթքով։