Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Էյուպ, Իսլամպէյ

Հասցէ

(Kanun Sok. No: 5, 34050 Eyüp)
Հեռ.՝ (0212) 614-4243։

Այս եկեղեցին 1785էն առաջ գոյութիւն ունեցած է Էյուպի Իսլամպէյ թաղին մէջ։ 1785ին կը քանդուի եւ փայտաշէն ձեւով կը վերաշինուի 1812ին։ 1841ին նորոգուած եկեղեցին 1855ին ժողովրդային հանգանակութեամբ ամբողջութեամբ քարուկիր կառոյց մը կը ստանայ։ Հակառակ անոր, որ թաղին մէջ սակաւաթիւ հայեր մնացած են, այս եկեղեցին կը շարունակէ գործել։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը եղած է 2000 թուին, օծուած եւ պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են բարերարներ՝
Սարգոեան Ոսկերիչ Սերոբէ Աղայ Պէրպէրեանց 1778-1866
Մկրտիչ Մ. Շահինեան 1806-1882

Քարտէս