Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Պէշիկթաշ

Հասցէ
(İlhan Sok. No: 28, 34353 Beşiktaş)
Հեռ.՝ (0212) 261-8517
ֆաքս՝ (0212) 327-8209

Առաջին անգամ Գրիգոր Վարդապետ Դարանաղցին 1623ին կը յիշէ, թէ Պէշիկթաշի մէջ կար ժամատուն մը՝ երկու քահանաներով։ Երեմիա Չէլէպի եւս կը վկայէ թէ Պէշիկթաշի մէջ փոքր ժամատուն մը կար։ Երեմիա Չէլէպիի վկայութիւնը կ՚ընդգրկէ 1661 եւ 1681-1684 տարիները։ 18րդ դարու պատմիչ Սարգիս Դպիր Սարրաֆ-Յովհաննէսեանի համաձայն, Պէշիկթաշի եկեղեցին քանդուած է 1759ին։ Շէմտանիզատէ Ֆընտըքլըլը Սիւլէյման Էֆէնտիի հեղինակած Օսմաներէն Պատմութենէն կը տեղեկանանք, թէ այս քանդուած եկեղեցին կառուցուած էր Ակնցի Եաղուպ Ամիրայի բարերարութեամբ։ Եկեղեցին քանդուած էր, առանց արտօնութեան ընդարձակուած ըլլալու պատճառաբանութեամբ։

19րդ դարու սկիզբին դարձեալ կառուցուած է, այս անգամ՝ փայտաշէն։ 1838ին արքունի ճարտարապետ Կարապետ Ամիրա Պալեանի կողմէ քարուկիր գեղակերտ կերպով վերակառուցուեցաւ։ Գմբէթաւոր հազուագիւտ նորաշէն եկեղեցիներէն մէկը հանդիսացաւ, որովհետեւ այդ թուականներուն արգիլուած էր գմբէթի շինութիւնը։ Ճարտարապետի ճարտար յղացումով այստեղ շինուեցաւ ներքին գմբէթ մը, որ դուրսէն չէր տեսնուեր։ Գմբէթին ու պատերուն զարդաքանդակները եւրոպական ճաշակ ունին։ Ներքին պատերը զարդարուած են 19րդ դարու արքունի նկարիչ Յովհաննէս Ումէտ Պէյզատի կողմէ համաչափ խոշոր պատկերներով։ Պէշիկթաշի բնակիչներէն արքունի ճարտարապետ Սարգիս Պալեան, եկեղեցիին կողքին կառուցանեց Մաքրուհեան վարժարանը, ի յիշատակ իր վաղամեռիկ կնոջ։

Եկեղեցին շքեղօրէն նորոգուեցաւ 1987ին Շնորհք Պատրիարքի շրջանին։ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ դրուած են Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ շինուած Կարապետ եւ Սարգիս Պալեաններու կիսանդրիները, որոնց բացումը կատարուեցաւ 1993ին։

Եկեղեցւոյ վերջին հիմնական նորոգութիւնը 2013 թուականին շքեղօրէն կատարուելով օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսի ձեռամբ։

Այս եկեղեցւոյ հարաւային արտաքին պատին տակ թաղուած է պետական նշանաւոր դէմքերէն Օսմանեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խորհրդական Յարութիւն (Արթին) Փաշա Տատեան (1830-1901)։

Քարտէս