Ս. Գէորգ Եկեղեցի, Մարտին, Տէրիկ

Հասցէ
Հեռ.՝ (0482) 251-3711, (0482) 251-2321

Տէրիկի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շինութեան բուն թուականը անյայտ է։ Համաձայն կարգ մը արձանագրութեանց, եկեղեցին շինուած է 1650-ական թուականներուն։ 1915 թուականէն ետք պետական գանձին փոխանցուած է եւ զանազան նպատակներով օգտագործուած է։ 1957 թուականին տեղւոյն հայ բնակիչներուն կողմէ պետութենէն ծախու կ՚առնուի եւ Կարապետ Քէչէճի անուն Տէրիկցի հայու մը անունին վրայ կ՚արձանագրուի. իսկ անոր մահէն ետք ժառանգորդներուն կը փոխանցուի։

Եկեղեցւոյ վերջին հիմնական նորոգութիւնը տեղի ունեցած է 2004 թուին եւ օծուելով պաշտամունքի վերաբացուած՝ ձեռամբ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեանի։

Քարտէս