Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, Ղալաթիա

Հասցէ
(Kemeraltı, Sakızcılar Sok. No: 9, 34425 Karaköy)
Հեռաձայն՝ (0212) 292-5762
Ֆաքս՝ (0212) 251-0514

Պոլսոյ ամենահին եկեղեցին է։ 1360 եւ 1361 թուակիր երկու ձեռագիրներու յիշատակարաններ կը վկայեն թէ Ղալաթիոյ մէջ գոյութիւն ունեցած է Ս. Սարգիս անունով եկեղեցի մը։ Իսկ Արմաշի վանքին մատենադարանը գտնուած ձեռագրի մը յիշատակարանին համաձայն Կոզմա անուն վաճառական մը 1391ին Կաֆայէ Պոլիս գալով կառուցանել տուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին եւ Աւետ անուն դարբին մը շինած՝ Սուրբ Խաչ մատուռը։ Այս յիշատակարաններուն առընթեր Ղուկաս Վարդապետ Ինճիճեան կ՚արձանագրէ, թէ Կոզմա անուն վաճառականը 1391ին Պոլիս եկած եւ գնած է եկեղեցւոյ հողը։ Եկեղեցւոյ որմերուն վրայ տեղադրուած երկու արձանագրութիւններ կը յստակացնեն, թէ եկեղեցին 1431 թուականին գոյութիւն ունէր։ 1635ին ազդեցիկ հայ մը՝ Շահին Չէլէպի, Գրիգոր Կեսարացի Պատրիարքի մարմինը ամփոփեց եկեղեցւոյ պատին տակ։

Շէնքը, 1660ին Ղալաթիոյ մէջ պատահած հրդեհէն հրաշքով փրկուած է։ Իսկ 1731ին ան ամբողջովին հրոյ ճարակ դարձած է։ Կոլոտ Պատրիարքի օրով, 1733ին, Սարգիս Խալֆայի կողմէ վերաշինուեցաւ։ Կառուցման ծախքերը հոգացած են Ակնցի Մահտեսի Սեղբոս Ամիրա Երեւանենց եւ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք, որուն ձեռքով նաեւ պաշտամունքի բացուած է եկեղեցին։ 1771ին եկեղեցին դարձեալ հրոյ ճարակ կը դառնայ։ Եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը կը կատարուի 1799ին, ճարտարապետութեամբ Մինաս Խալֆայի։ Եկեղեցւոյ քով աւելցած են նաեւ Սուրբ Խաչ եւ Սուրբ Կարապետ մատուռները։ 1888ին ներքին որմերը կամարաձեւ կը բացուին եւ երեք տաճարները իրար կը միանան։

1958ին քաղաքի բարեզարդման աշխատանքներուն պատճառաւ, եկեղեցին ամբողջութեամբ ապասեփականացուելով քանդուեցաւ եւ հողին մեծ մասը յատկացուեցաւ ընդարձակելի պողոտային համար։ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքի յանձնարարութեամբ, ճարտարապետ Պետրոս Զօպեանի կողմէ պատրաստուած յատակագիծը Էջմիածնի կողմէ ալ վաւերացուելով գործադրութեան դրուեցաւ եւ մնացեալ հողին վրայ 1962ին կաթողիկէ գմբէթով կառուցուեցաւ այժմու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը ու պաշտամունքի բացումը կատարուեցաւ 1966ին, ձեռամբ Շնորհք Պատրիարքի։ Պոլսոյ մէջ հայ դասական ոճով կառուցուած միակ եկեղեցին է։ Ներքնայարկը կը գտնուի Ամենափրկչի Մատուռը։ Հոն տեղադրուած է Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի դամբարանը։ Մեծանուն Պատրիարքը վախճանած է 1741ին եւ թաղուած՝ եկեղեցւոյ մէջ։

Որմերուն վրայ կը գտնուին հին եկեղեցւոյ յիշատակարանները ու թանկարժէք յախճապակիներու մնացորդներ։

Եկեղեցին նորոգութեան ենթարկուած է 2005 թուին, օծուած եւ պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը տեղի ունեցած է 2011 թուականին ու պաշտամունքի վերաբացուած, ձեռամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի։

Եկեղեցւոյ կից 1871ին քարուկիր վիճակով շինուած է Կեդրոնական վարժարանի շէնքը, որ Իսթանպուլի երկրորդ բարձրագոյն վարժարանն է։

Եկեղեցւոյ ներքնայարկը թաղուած են
Յովհաննէս Թ. Պատրիարք Բաղիշեցի (Կոլոտ) 1678-1741
Գրիգոր Պատրիարք Կեսարացի 1570-1636

Իսկ եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են Կեդրոնական Վարժարանի բարերարներ՝
Յարութիւն Էֆէնտի Գափամաճեան 1814-1878
Մաքրուհի Գափամաճեան (Կողակից Յարութիւն Էֆէնտի Գափամաճեանի) 1827-1887

Քարտէս