Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԷՆ ԵԼՔԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Մեր Հաւատքի Հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ԽորՎիրապէն Ելքի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 28 Մայիս 2005 Շաբաթ առաւօտ Ս. Փրկիչ ԱզգայինՀիւանդանոցի համանուն մատրան մէջ։

Արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս.Պատրիարք Հայրը։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ.Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան։ Արարողութեանց ներկայգտնուեցան Երուսաղէմի Պատրիարքական ԱթոռիԼուսարարապետ Բարձր. Տ. Նուրհան Արքեպս.Մանուկեան, Պատրիարքական Աթոռի ԼուսարարապետԳերշ. Տ. Արամ Եպսկ. Աթէշեան եւ միաբան հայրեր։ Ս.Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցինքահանայ հայրերը։

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ մեր Հաւատքի Հօրկեանքին, մանաւանդ Խոր Վիրապի մէջ ապրածշրջանէն յետոյ պատահած զարգացումներուն, որոնցհետեւանքով առաքելահաստատ ստորերկրեայեկեղեցին լոյս աշխարհ եկած էր եւ Հայ Եկեղեցւոյնուիրապետութիւնը՝ կազմաւորուած։

Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց նաեւ ՀայԵկեղեցւոյ ունեցած դերին կարեւորութիւնը մերժողովուրդի հոգեւոր եւ բարոյական վերելքին մէջ։Թելադրեց տէր կանգնիլ եկեղեցւոյ եւ մեր մշակութայինարժէքներուն եւ միշտ մնալ հաւատարիմ մերժողովուրդի հայ քրիստոնէական արմատներուն։

Արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջկատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։