Ս. ԶԱՏԻԿԸ ԿՐԷՏԷ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Ինչպէս ծանօթ է, Յունաստանի Կրէտէ Կղզիի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցին, կը գտնուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ։ Նկատի ունենալով, որ Յունաստանի մէջ գտնուող Հայեր Ս. Զատկի տօնակատարութիւնները կը կատարեն հին տոմարով, այս տարի եւս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տնօրինումով Կրետէ մեկնեցաւ Արժ. Տ. Անդէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան իր հետ ունենալով երեցկին Վերժին Յակոբեանը։

Տէր Հայրը, Աթէնքի վրայով Կրետէ հասաւ 1 Մայիս 2013, Չորեքշաբթի երեկոյեան եւ Նիքոս Գազանճաքիս օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Անտոնիս Պենարտիսի կողմէ ու առաջնորդուեցաւ դէպի հիւրանոց։

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Յաջորդ առաւօտ, 2 Մայիս, Աւագ Հինգշաբթի տեղի ունեցաւ Ընթրեաց Ս. Պատարագ, որուն մասնակցեցան կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեց Եկեղեցւոյ սիւներէն՝ Բրշ. Ժիրայր Սրկ. Պաքըրճեան։ Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Տէր Հայրը, ընթերցեց Բարսեղ Կեսարացի հայրապետի Հաղորդութեան Ճառը։

Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ, որուն եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ տեղւոյն ժողովուրդը։ Տէր Հայրը, իր խրատականին մէջ անդրադարձաւ Ս. Պետրոս Առաքեալի Քրիստոսը ուրացումին։ Խաւարման երեկոն, եկեղեցւոյ անդամներուն համար ամենէն յուզիչ պահերէն մէկն է, քանի որ Տէրը կը մատնուէր եւ կը չարչարուէր։ Սակայն պէտք է յիշել իրողութիւն մըն ալ. Պետրոս Առաքեալը, որ միշտ իր կողքին եղած էր, ուրացած էր իր Տէրը։ Այսօր եթէ հեռանանք Քրիստոսէն եւ Անոր եկեղեցիէին, եթէ մերժենք Քրիստոսի խօսքը, մենք եւս կը դառնանք Պետրոսներու։

der antre girit 3
der antre girit 4ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ
Աւագ Ուրբաթ, 3 Մայիս, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Հերակլիոնի մէջ կը յիշատակուէր Քրիստոսի խաչելութիւնն ու թաղումը։ Ինչպէս այլ եկեղեցիներ, Ս. Յովհաննու Կարապետ պատմական Եկեղեցին եւս ժամադրավայրը կը դառնար հաւատացեալներու, որոնք կու գային Քրիստոսի խորհրդանշական Գերեզմանին ծաղիկներ մատուցանելու եւ աղօթելու։

Երեկոյեան, Թաղման կարգը կատարուեցաւ ի ներկայութեան Կրետահայութեան։ Տէր Հայրը, խրատականին մէջ յիշեցուց որ Քրիստոսի թաղումով կը թաղուէին նաեւ մեր մեղքերը եւ Ս. Յարութեամբ, Քրիստոս մեզի պիտի պարգեւէր նոր կեանք մը։ Ս. Թաղումը մեզի կու գայ յիշեցնելու թէ ճշմարտութիւնը թաղել եւ պահել անկարելի է։ Քրիստոս նոյն ինքն է ճշմարտութեան։ Ինչպէս Քրիստոս Յարութիւն առաւ եւ Ս. Գերեզմանէն դուրս ելաւ, նոյնպէս ճշմարտութիւնը եւս պիտի չմնայ թաղուած՝ իր պահուած տեղը։

der antre girit

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ
Աւագ Շաբաթ, 4 Մայիս, երեկոյեան մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին Տէր Հայրը խօսեցաւ խրատական մը բնաբան ունենալով. «Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա. Կորնթ. 15.14)։ Քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, հաւատքի կեդրոնը պէտք է ըլլայ Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը։ Այն որ հեռու է այս ճշմարտութենէն, հեռու է նաեւ Յարուցեալ Քրիստոսէն։ Ահաւասիկ, այսօր այս ճշմարտութիւնը իւրաքանչիւրս մեր բերնով դաւանելու համար միասնաբար կ՚ըսենք. Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

Ապա, բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդուեցան։ Ս. Պատարագի աւարտին, Տէր Հայրը եւ երէցկինը հիւրընկալուեցաւ տեղւոյն Ծխական Խորհուրդի ատենապետին կողմէ։

der antre girit 2

Ս. ԶԱՏԻԿ
Իսկ 5 Մայիս 2013, Ս. Զատկի տօնին առթիւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու Կրէտէի համայնքը անգամ մը եւս ապրեցաւ ոգեւոր օր մը։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեց Բրշ. Ժիրայր Սրկ. Պաքըրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կրէտահայ խումբ մը հաւատացեալի կողմէ։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Տէր Հայրը խօսեցաւ խրատական մը, բնաբան ունենալով. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յովհ. 11.25)։ Տէր Հայրը, յիշեցուց որ Ս. Զատիկը կեանքի եւ յաղթանակի օր է։ Քրիստոս, Ս. Յարութեամբ կը յաղթէ չարը եւ մեզի կը շնորհէ նոր կեանք մը։ Ս. Յարութեամբ մեր դիմաց կը բացուի նոր ճանապարհ մը եւ մենք կը հրաւիրուինք սոյն ճանապարհէն ընթանալու։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն։

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ
6 Մայիս 2013, Երկուշաբի, Մեռելոց Յիշատակի առթիւ տեղւոյն գերեզմանատան մէջ հանգստեան կարգ կատարուեցաւ այնտեղ ննջող հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու հոգւոցն։ Աւելի վերջ, Տէր Հայրը այցելեց նաեւ հաւատացեալներու տուները, կատարեց կանոնական տնօրհնէքները։ Բոլոր հաւատացեալներ շնորհակալութիւն յայտնեցին տրուած այցելութիւններուն համար։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ
7 Մայիս 2013 Երեքշաբթի, Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քահանան եւ երէցկինը, ծխական խորհուրդի անդամներէն Սանդի  Աւետիսեան կողմէ առաջնորդուեցան օդակայան։ Ան, յանուն Կրէտահայոց, յիշեց մեր Հոգեւոր Պետը՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարքը, որ քանիցս անձամբ այցելած է Կրէտէ, շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր, որու կարգադրութեամբ իրականացան սոյն հանդիսութիւնները եւ երախտիք յայտնեց Տէր Հօր, որ այցելեց Կրէտէ եւ կատարեց Աւագ Շաբթուան արարողութիւնները։

Տէր Հայրն ու երէցկինը, Աթէնքի վրայով վերադարձան Ստանպուլ։