Ս. ԶԱՏԻԿԸ ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

Յուլեան տոմարի համաձայն Ս. Զատիկը այս տարի զուգադիպեցաւ 1 Մայիս 2016, Կիրակիին։ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ֆէնէրի մէջ կատարուած Ս. Պատարագի եւ երեկոյեան ժամերգութեանց իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Եկեղեցին։ Արարողութեանց ընթացքին Ս. Աւետարանը ընթերցուեցաւ նաեւ Հայերէնով։

Ֆէնէրի Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կատարուած արարողութեանց Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցան միաբան հայրեր։ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, 30 Ապրիլ 2016, Շաբաթ, գիշերային արարողութեանց, իսկ՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, 1 Մայիս 2016, Կիրակի, առաւօտեան արարողութեանց ներկայ եղան՝ ընկերակցութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։