Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

yusuf cetinՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Միջկրօնական-Միջեկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանը, 12 Ապրիլ 2015, Կիրակի, այցելութիւն տուաւ քաղաքիս Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտին։

Նորին Սրազնութիւնը Ս. Զատկի առթիւ Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտին անձին մէջ շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Ս. Զատիկը։

Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտը իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Իր մաղթանքը եղաւ, գալ տարի եւս ուրախութեամբ ողջունել Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսը։