Ս. ԶԱՏԿԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Համայնքային
167539735_1812912805535261_8207395839051013809_nՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը Ս. Զատկի նախօրեակին շարունակեց իր գործունէութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է Աթոռոյս հսկողութեամբ եւ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու գործակցութեամբ, տարուան մէջ պարբերաբար այցելութիւններ կը տրուին ընտանիքներու եւ իրենց որպէս օժանդակութիւն կը յանձնուին պարէնի տուփեր։ Այս ուղղութեամբ, գեղեցիկ տեսարան եղած է յայտնի եւ անյայտ զանազան բարերարներու նիւթական եւ բարոյական ներդրումը։ Վերջերս, Աթոռոյս Յանձնախումբը առաւել եւս ծաւալած է իր գործունէութիւնը, ընդլայնելով Ստանպուլի տարածքին կարիքաւոր մերազն ժողովուրդի ցանկագրութիւնը։
Այլապէս, Ս. Զատկի Տաղաւարի նախօրեակին, Աթոռոյս Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ աւելի քան 500 ընտանիքներու հասան օժանդակութեան պարէնի տուփեր։ Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, այս տուփերուն միացան նաեւ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութենէն Աթոռոյս հասած օժանդակութեան տոմսերը։
Ըստ Յանձնախումբի անդամներուն, սոյն մարդասիրական ծառայութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ մերազն ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներու միջեւ լուրջ կապ մը հաստատուած է։ Այս մէկը առիթ կը դառնայ որ, եկեղեցին իր զաւակներու կարիքներուն ըստ կարելւոյն հասնի, առանց անոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորելու։ Այս ուղղութեամբ նուիրեալներու հսկայ բազմութիւն մը կը ջանայ առաքելութեան յաջողութեան։ Բաց աստի ուրախութիւն է նաեւ տեսնել, թէ մինչեւ օրս կատարուած գործունէութեամբ, յանձնախումբի գործունէութիւնը արժանացած է բարերարներու վստահութեան ։ Իսկ, Ս. Զատկի նախօրեակին կատարուած ընկերային օժանդակութիւնը նաեւ առիթ եղաւ որ Ս. Յարութեան Տաղաւարի սեմին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հայրական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները հասնին բոլոր ընտանիքներուն։
  • 167115743_1812912842201924_4410411404365604401_n
  • 167506110_1812912848868590_1602795051936008670_n
  • 167332148_1812912812201927_3988679911681933178_n
  • 167539735_1812912805535261_8207395839051013809_n
  • 167844237_1812912905535251_6054424137215897849_n