Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵՒ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

iskenderun zadigՅիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարը այս տարի եւս տօնուեցաւ Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի Եկեղեցեաց մէջ։

Ս. Զատկի ուրախութիւնը Իսքէնտէրունի մէջ սկսաւ 19 Ապրիլ 2014, Շաբաթ երեկոյեան։ Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, մանուկներ կատարեցին Ս. Գրային Ընթերցումները, որոնց աւարտին Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց երէց Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան, մանուկներու եւ երիտասարդներու կողմէ։ Արարողութեանց ներկայ եղաւ հոծ թիւով բազմութիւն մը։ Ս. Զատկի տօնակատարութեանց մասնակցելու համար Ատանայէն եւ Մէրսինէն եւս հաւատացեալներ փութացած էին Իսքէնտէրուն։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Տ. Աւետիս Քահանան խրատական մը խօսեցաւ, վեր առնելով Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդը եւ ըսաւ. «Երբ կը մտածենք գերեզմաններու մասին, կը տեսնենք խաւարն ու վախը։ Մենք կը հաւատանք այնպիսի փրկչի մը, որ փարատելով գերեզմանի խաւարն ու վախը, մեզի շնորհեց ուրախութիւնն ու յաւիտենական կեանքը։ Քանի որ ունինք փրկիչ մը, առանց վարանելու պէտք է հետեւինք իրեն։ Քրիստոս, երբ կը լուսաւորէ խաւարակուռ աշխարհը, զմեզ կը հրաւիրէ հրաժարելու մեր մեղքերէն։ Ս. Յարութեան Տաղաւարին, բոլորս Իր հետ յարութիւն կ՚առնենք եւ կը հրաւիրուինք ապրիլ յարութեան լոյսով։ Վստահ ըլլանք թէ՛ եթէ Իրեն հետեւինք, մեր կեանքին մէջ պիտի տեսնենք խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը եւ հանգստութիւնը»։ Տէր Հայրը, աւելի յետոյ ընթերցեց Պատր. Ընդ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի Ս. Զատկի Պատգամը։

Ս. Պատարագի ընթացքին, բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդութիւն ստացան։ Ապա, մանուկներ եւ երիտասարդներ, թափօր կազմեցին եւ միասնաբար Ս. Զատկի շարականներ երգեցին։ Հաւատացեալներ մոմեր ի ձեռին, կը հետեւէին արարողութեան եւ զիրար կ՚ողջունէին ըսելով. «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։  Եկեղեցւոյ բակը տեղի ունեցաւ Տնօրհնէք, որուն աւարտին ներկայ հաւատացեալներուն բաժնուեցաւ Զատկական կարմիր հաւկիթ։

Արարողութեանց աւարտին, Իսքէնտէրունի Քաղաքապետ Սէյֆի Տինկիլ, շնորհաւորեց Տէր Հօր, Թաղային Խորհուրդի անդամներուն եւ շրջանի Հայ Համայնքի անդամներուն Ս. Զատիկը։ Աւելի վերջ, Տէր Հայրը մասնաւորապէս գնահատեց մանուկ եւ երիտասարդ դպիրները, որոնք յաջողութեամբ ընթերցած էին Ս. Գրային Ընթերցումները եւ կատարած՝ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։

vakiflikoy zadig

Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարը, 20 Ապրիլ 2014, Կիրակի առաւօտ տօնուեցաւ Վաքըֆիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Ժամերգութիւնները սկսան 8.30-ին, իսկ 10.30-ին Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Տաղաւարի Ս. Պատարագը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գիւղաբնակ մանուկներու եւ երիտասարդներու կողմէ։ Արարողութեանց մասնակցեցաւ նաեւ հիւրաբար Վաքըֆգիւղ գտնուող, Իրաքահայ Բրշ. Արման Սրկ. Պալեան։ Ս. Զատկի տօնակատարութեանց մասնակցելու համար Անթաքիայէն, Սամանտաղէն եւ Ստանպուլէն ուխտաւորներ փութացած էին Վաքըֆգիւղ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Տ. Աւետիս Քահանան խրատական մը խօսեցաւ եւ ըսաւ. «Այսօ՜ր մենք յուզումնախառն տաղաւար մը կը տօնենք, մեր մէջ տեսնելով իրենց հարազատներէն հեռու մնացած Քեսապահայերը։ Սակայն Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար ամենալաւ մխիթարանքն է։ Այս աւետիսը, կու գայ թեթեւցնել մեր նեղութիւնները։ Տէր Յիսուս Քրիստոս մեր միակ ապաւէնն է։ Յարուցեալ Փրկիչը հրաւէր կ՚ուղղէ նաեւ խաղաղութեան համար։ Մեր առաջնահերթ պարտականութիւնն է լսել այս պատգամին եւ կեանքի վերածել զայն»։ Տէր Հայրը շեշտեց նաեւ Հաթայի մէջ տիրող եղբայրական մթնոլորտը։ Աւելի յետոյ ընթերցեց Պատր. Ընդ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի Ս. Զատկի Պատգամն ու Հաթայի երեսփոխաններէն Օրհան Քարասայար եւ Մէհմէտ Ալի Էտիփօլուի շնորհաւորական նամակները։

Ս. Պատարագի ընթացքին, բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդութիւն ստացան։ Ապա, մանուկներ եւ երիտասարդներ, թափոր կազմեցին եւ միասնաբար Ս. Զատկի շարականներ երգելով եկան եկեղեցւոյ բակը։ Այստեղ, հաւատացեալներու եւս մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Անդաստանի Արարողութիւն։ Աղօթք առաքուեցաւ առ Աստուած վասն խաղաղութեան աշխարհի։ Եկեղեցւոյ բակը տեղի ունեցաւ նաեւ Տնօրհնէք, որուն աւարտին ներկայ հաւատացեալներուն բաժնուցաւ Զատկական կարմիր հաւկիթ։ Ներկաներ զիրար ողջունեցին Ս. Յարութեան աւետիսով եւ հաւկթախաղ խաղացին։

Ս. Յարութեան Տաղաւարի յաջորդ օրը, եւս Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Մեռելոցի Ս. Պատարագ։ Երգեցողութիւնները կատարեց Երէցկին Հայկանոյշ Թապաշեան։ Ս. Պատարագի աւարտին հաւատացեալներ հաւաքուեցան Վաքըֆգիւղի Հայոց Գերեզմանը՝ երբեմնի աւագերէցներ՝ Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Աւ. Քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն շուրջ եւ կատարուեցաւ պաշտօն գիւղի գերեզմանատան մէջ ննջող համայն հաւատացեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։