Ս ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԱՍՈՐԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

Ս ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԱՍՈՐԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

DSCN1338

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի, 20 Ապրիլ 2017, Հինգշաբթի, այցելութիւն տուաւ Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթինի։

 

Արամ Արքեպս., Ս. Զատկի առթիւ փոխադարձ այցելութիւն տալով, Նորին Սրբազնութեան անձին մէջ շնորհաւորեց Ասորի համայնքի Ս. Զատիկը։

Մոր Ֆիլիւքսինոս Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Իր կարգին յղեց բարեմաղթանքներ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ։