Ս ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

Ս ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

BARTHOLOMEOS 2017 ZADIG

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, 19 Ապրիլ 2017, Չորեքշաբթի, այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին։

Արամ Արքեպս., Ս. Զատկի առթիւ փոխադարձ այցելութիւն տալով, Նորին Սրբութեան անձին մէջ շնորհաւորեց Յոյն համայնքի Ս. Զատիկը։

Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Իր մաղթանքը եղաւ, գալ տարի եւս ուրախութեամբ ողջունել Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարը։

 * * *

 

Ս. Զատկի ճրագալոյցի առթիւ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ֆէնէրի Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կատարուած Ս. Պատարագի եւ երեկոյեան ժամերգութեանց իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Եկեղեցին։ Այս արարողութեանց յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցան՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։ Նոյն առթիւ՝ Բրկ. Մելքոն Ուր. Դպ. Արըք, Կիրակի, առաւօտեան արարողութեանց ներկայ եղաւ եւ Ս. Աւետարանը ընթերցեց Հայերէնով։